ԵՐԵՒԱՆ.– 1 Յուլիսին Մարտակերտ այցելած են Հայ Օգնութեան Միութեան ատենապետ Կարինէ Դադայեան, ՀՕՄի Արցախի վարչութեան փոխատենապետ Ռուզաննա Աբրահամեան եւ ՀՕՄի գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Պօղոսեան: Աւստրալաբնակ բարերար Հրայր Զարեհ Թորոսեանի կողմէ տրամադրուած է 16,400 տոլար բանակի զինուորներուն օգնելու նպատակով: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ը տեղեկացած է Մարտակերտ շրջանի «æրաբերդ» պաշտօնաթերթի Դիմատետրի էջէն:
Ըստ ՀՕՄականներուն՝ բարերարը մեծապէս մտահոգ էր սահմանին կանգնած զինուորներով եւ ամէն ձեւով կը ձգտի օգնութիւն ցուցաբերել անոնց: Այդ նպատակով Արցախի ՀՕՄի ներկայացուցիչները այցելած են Մարտակերտ՝ հանդիպում ունենալու Մարտակերտի, Թալիշի եւ Մատաղիսի բանակի ժամկէտային զինուորներու ընտանիքներու ան-դամներուն եւ օգնութիւն տրամադրելու անոնց:
Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ անոնք հանդիպում ունեցած են զինուորներու հարազատներուն հետ եւ ներկայացուցած իրենց ծրագիրները: Իւրաքանչիւր զինուորի յատկացուած է 100 տոլար արժող առողջապահական պարագաներ, քաղցրաւենիք եւ այլ իրեր պարունակող պայուսակներ՝ զինուորներուն համար, իսկ 60ական տոլար ալ յանձնուած է զինուորներուն ծնողներուն: Նշենք, որ պայուսակներուն մէջ դրուած էին զինուորի համար բոլոր անհրաժեշտ իրերը, որոնք արժէքաւոր էին եւ որակով:
Սվետլանա Պօղոսեան եւ Կարինէ Դադայեան շնորհակալութիւն յայտնած են ծնողներուն եւ նշած, որ այսօր անոնց որդիները կանգնած են սահմանագիծին վրայ եւ իրենց կեանքին գինով անառիկ կը պահեն երկրի սահմանները, իսկ փոխատենապետ Ռուզաննա Աբրահամեան նշած է, որ զինուորները պատուով կատարած են իրենց պարտականութիւնները, հետեւաբար քաղաքագէտները եւ դիւանագէտները եւս պէտք է պատուով կատարեն իրենց ուսերուն դրուած պարտականութիւնը:
ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարին իր շնորհակալութիւնը յայտնած է Մարտակերտի շրջանի հիւանդանոցի բժշկուհի, զինուորի մեծ մայր Միլիետա Յովհաննիսեան: