ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վրաստանի մէջ գումարուած ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը Յուլիս 5ին մտահոգութիւն յայտնած է ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ սաստկացած ռազմական բախումներուն կապակցութեամբ: Այս մասին նշումներ կատարուած են ԵԱՀԿի երեք ընդհանուր յանձնաժողովներու կողմէ վաւերացուած Թիֆլիսի հռչակագիրի 47րդ կէտին մէջ:
Խորհրդարանական վեհաժողովը նաեւ ողջունած է տարածաշրջանին մէջ ձգձգուած հակամարտութիւններու քաղաքական լուծում գտելու համար ջանքերը եւ բանակցութիւններուն կազմակերպութեան նախագահութեան գործօն մասնակցութիւնը:
Փաստաթուղթի 48րդ կէտին մէջ, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը պատգամաւորներուն կոչ կ՛ընէ, որ բոլոր կողմերուն խրախուսէ՝ քաղաքական կամք ցուցաբերելու համաձայնագիր ձեռք բերելու գծով, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններուն վտանգը նուազեցնելու եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս՝ տագնապի կարգաւորման համապարփակ համաձայնագիրի հասնելու նպատակով:
49րդ կէտին մէջ ըսուած է. «ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ կ՛ընէ աւելի վճռական քաղաքական կամք դրսեւորելու գաղթականներու եւ ներքին տեղահանութեան ենթարկուած անձերու հարցերուն լուծման համար, ինչպէս նաեւ աւելի խիստ կերպով կատարելու ստորագրուած համաձայնագիրները, եւ կը վերահաստատէ անխախտ իրաւունքը Հայաստանի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Մոլտովայի Հանրապետութեան եւ Ուքրանիոյ բնակչութեանց, որոնք հակամարտութեան պատճառով պարտադրաբար լքած են իրենց բնակութեան վայրերը»: