
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան փոխանցած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ժամկէտին, վայրին եւ ձեւաչափին հետ կապուած խորհրդակցութիւններ կը կատարուին:
«Ինչպէս նշած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց գործնախարար Ժան-Մարք Էրօ՝ Ֆրանսա պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հանդիպում կազմակերպելու», աւելցուցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը: