ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իսրայէլի խորհրդարանին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը Կրթութեան յանձնախումբին ուղարկելու վերաբերող, կը նշանակէ, որ հարցը «կը քնացնեն»։ Այս մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ հայր Կորիւն:
«Իսրայէլ ներկայիս կը փորձէ բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, այդ պատճառով ալ Քնեսեթի մէջ հարցը չքննարկուեցաւ: Կը կարծեմ, թէ Քնեսեթը կ՛ուզէ քնացնել հարցը, ինչպէս անցած տարի եղաւ, երբ յանձնաժողովի նախագահը յստակ առաջարկներ ներկայացուցած էր Իսրայէլի կառավարութեան՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կրթութեան նախարարութեան՝ Ցեղասպանութեան նիւթը ներառել դասաւանդման ծրագիրին մէջ: Քնեսեթը այսօր քննարկեց, սակայն քուէարկութեան չդրաւ», յայտնած է հայր Կորիւն:
Յիշեցնենք, որ 5 Յուլիսին կը սպասուէր, որ Իսրայէլ քուէարկութեան դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: