ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».– Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին թէեւ ցարդ կը մնայ կանգուն, բայց կը գտնուի շատ անմխիթար վիճակի մէջ, ըսած է Րաֆֆի Պետրոսեան, որ բնիկ տիգրանակերտցի է եւ մօտէն կը հետեւի իր ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։ Անոր համաձայն՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ աղբ լեցուած է եւ եկեղեցին մէզ կը հոտի: «Շրջանին մէջ եղող զինուորներ իրենց պէտքերը հոն կը հոգան, փոխանակ օգտուելու եկեղեցւոյ մօտ եղող բաղնիքներէն»: Ըստ անոր՝ Տիգրանակերտի «Կեաւուր Մահալլաս», որ յայտնի էր իր հայ բնակչութեամբ, ամբողջութսամբ դարձած է աւերակ:
«Ամիսներէ ի վեր վիճակը կը շարունակէ մնալ շատ ծանր, եւ մեր հայրենակիցներէն շատ-շատեր ստիպուած եղած են շրջանէն հեռանալու եւ տեղափոխուելու Պոլիս կամ այլ քաղաքներ: Կան նաեւ հարիւրաւոր թաքուն հայեր, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք, անոնք հեռացած են շրջանէն եւ իրենց մասին անկարելի եղաւ տեղեկութիւններ ապահովել», յայտնած է Պետրոսեան՝ աւելցնելով, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու պետականացման օրէնքի հրապարակումէն ետք Պոլսոյ մէջ կազմուած է յատուկ մարմին մը, որ դատական հայց ներկայացուցած է այդ օրէնքը չեղեալ համարելու ու կալուածները համայնքին վերադարձնելու համար: Ան նշեց, որ բացուած դատը, եկեղեցիէն բացի, կ՛առնչուի 17 այլ կալուածներու եւ շէնքերու, իսկ այսօր Տիգրանակերտի մէջ կան հայութեան պատկանող աւելի քան 200 կալուածներ, որոնք նոյնպէս բոլոր միջոցներով պէտք է հայութեան վերադարձուին: Պետրոսեան նշած է, որ, նկատի առնելով Տիգրանակերտի մէջ տիրող վիճակը, իրենք այս տարի հրաժարած են սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելէ: