ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Յունիս 16ի Իֆթարի սեղաններու շուրջ մէկտեղուեցաւ զինեալ ուժերուն մէջ ապահովութեան պատասխանատուներու հետ՝ պնդելով, թէ կառավարութիւնը վճռական պայքարի մէջ է «պետութեան մէջ զուգահեռ պետութիւն ստեղծել ջանացող կառոյցին դէմ», մեղադրելով նաեւ հայերը՝ նշեալ կասկածելի կառոյցին հետ համագործակցելու եւ Թուրքիոյ դէմ դաւադրութիւններ նիւթելու յանցանքներով:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ զուգահեռ կառոյց կ՛անուանուի ամերիկաբնակ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի գլխաւորած իսլամական շարժումը:
Էրտողան խօսքին մէջ ըսաւ, որ «դաւաճանութեան այս խմբակները», որոնք պարտականութիւն կը նկատեն երկրին եւ ազգին շահերը ոտնակոխ ընել, աշխարհի ամէն կողմը կը գործեն Թուրքիոյ ի վնաս։ Էրտողան աւելցուց. «Ո՛ւր ալ երթանք, կը տեսնենք, որ զուգահեռ պետութեան կառոյցի անդամները մեր երկրին դէմ ուս-ուսի կը գործեն անջատողական եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ հայ հրոսախումբերու հետ։ Ամերիկայի մէջ, ուր գացած էի բանախօսութիւն մը տալու, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներ եւ հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններ ձեռք-ձեռքի տուած՝ անձիս եւ պատուիրակութեանս դէմ ցոյցեր կազմակերպեցին։ Ասոնք անձնապէս տեսայ, անձնապէս ապրեցայ։ Անոնք ո՛չ տեղացի են, ո՛չ ալ այս հայրենիքի զաւակներն են։ Բացայայտօրէն կ՛ըսեմ. այս կառոյցը ահաբեկչական մեր պայքարը կացինահարելու համար իր ձեռքէն եկած ամէն բան կ՛ընէ»։
Գժուած ես պարոն նախագահ, դուն միակ անձն ես որ առիթ կու տաս աշխարհին որ Թրքատեաց ըլլայ: Կա՞յ երկիր մը (Աֆրիքայի քանի մը բեկիրներէ զատ) որ Թուրքիոյ բարեկամ մնացած էյ Վատըկանէն բռնած մինչեւ Դաշնակիցդ Գերմանիան: Հայերու ետեւէն մը’ հաչեր: