ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ամերիկացի այն քոնկրեսականները, որոնք 2013ին Ատրպէյճանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ Պաքու այցելած էին, այդ կառավարութեան վերադարձուցին իրենց ստացած թանկարժէք նուէրները, երբ դիտորդական խումբը յայտարարեց, թէ այդ ուղեւորութիւնը կը հակասէ ամերիկեան օրէնքներուն. այս մասին կը գրէ «Հիլ» թերթը:
Քոնկրեսի Բարոյականութեան վարչութեան համաձայն՝ օրին, Պաքուի մէջ համաժողովի մը մասնակցելու նպատակով Պաքու այցելած էին ներկայի Քոնկրեսի 9 անդամներ եւ անոնց 32 օգնականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հազարաւոր տոլարներ արժող նուէրներ ստացած էր: Օրէնսդիրներէն ոմանք Պաքուէն մեկնած էին Թուրքիա, ուր եւս նուէրներ ստացած էին:
Ուղեւորութեան վերաբերեալ վարչութեան զեկոյցը ներկայացուած էր Քոնկրեսի Բարոյականութեան յանձնաժողովին՝ 2015ի Մայիս 8ին, իսկ աւելի ուշ, զեկոյցի մանրամասնութիւնները հրապարակուեցան «Ուաշինկթըն Փոս»չի մէջ: Դիտորդական խումբը յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի «Սոքար» ընկերութիւնը առնուազն 750,000 տոլար ծախսած էր այս այցելութեան համար։