Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը գումարեց իր հերթական՝ 27րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը, Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ, 26-27 Մայիս 2016ին:
Օրէնսդիր գերագոյն այս ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ՌԱԿի աշխարհատարած 16 շրջանակներէն ընտրուած լիազօր ներկայացուցիչներ:
Պատգամաւորական ժողովի պաշտօնական բացումին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ընթերցեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ժողովին յղած ուղերձը, որմէ ետք երկօրեայ աշխատանքային օրակարգով յագեցած ժողովը աւարտեցաւ՝ որդեգրելով հայ ժողովուրդն ու ՌԱԿը անմիջականօրէն յուզող կարեւոր հարցերու վերաբերեալ կեցուածքներ ու որոշումներ:
«Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 95ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ մայր հողին վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Ասիկա ո՛չ միայն պատմական եւ խորհրդանշական իրողութիւն մըն է, այլ նաեւ մեր կազմակերպութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ընդլայնման եւ նոր առաջադրութիւններու նախագծման կարեւոր հանգրուանի մը սկիզբը, որ ի վերջոյ կը միտի հաստատուիլ հայրենի հողին վրայ», կ՛ըսուի ՌԱԿի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր կ՛աւելցուի. «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին համայն հայութեան միացեալ ճիգերով եւ ազգային միասնականութեան ոգիով: Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի դէմ Թուրքիոյ նեցակցութեամբ Ատրպէյճանի կատարած թշնամական արարքները մեզի կը պարտադրեն՝ մէկ կողմ դնել բոլոր տեսակի ներքին թէ արտաքին տարակարծութիւնները եւ համախմբուիլ հայրենի պետականութեան շուրջ»:
Գնահատելով ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնն ու անցնող տարիներուն ընթացքին անոր տարած նուիրեալ բոլոր գործունէութիւնները, ՌԱԿի 27րդ Պատգամաւորական ժողովը իր աշխատանքները թագադրեց, ընտրելով կուսակցութեան նոր Կեդրոնական վարչութիւնը, որ կը ներկայանայ հետեւեալ կազմով՝ ատենապետ՝ Սերխիօ Նահապետեան (Արժանթին), Ա. փոխատենապետ՝ Իւժին Գարաճեան (Թորոնթօ, Գանատա), Բ. փոխատենապետ՝ Լեւոն Պլըքեան (Հալէպ, Սուրիա), ատենադպիր՝ Սեւակ Յակոբեան (Լիբանան), փոխատենադպիր՝ Գէորգ Գրիգորեան (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ), գանձապահ՝ Վարդան Ուզունեան (Մեծն Բրիտանիա), խորհրդականներ՝ Անդրանիկ Լեփեճեան (Յորդանան), փրոֆ. Հրայր Հովիւեան (Լիբանան), Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան (Դամասկոս, Սուրիա), Յակոբ Լիպարիտ Անդրէասեան (Երուսաղէմ), Պարոյր Գույումճեան (Կիպրոս), տոքթ. Րաֆֆի Պալեան (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ), Վազգէն Էսքիճեան (Ֆրանսա), գործակից անդամներ՝ Բարթող Գալստեան (Արցախ), Հայկ Լեփեճեան (Աւստրալիա), Միհրան Քիւթնէրեան (Ֆրեզնօ, ԱՄՆ) եւ Սեդրակ Ապասեան (Յունաստան)։