ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի քաղաքապետարանը բնակարաններ պիտի նուիրէ Ապրիլին Արցախի մէջ զոհուած երեք ազատամարտիկներու՝ Սարգիս Խալաֆեանի, Մանուէլ Գէորգեանի եւ Հրաչեայ Մուրադեանի ընտանիքներուն: Որոշումը տրուած է Երեւանի աւագանիի 18 Մայիսի նիստին:
Սարգիս Խալաֆեանի ընտանիքը՝ կինը, երկու որդիներն ու դուստրը, կը բնակին վարձքով: Սարգիս Խալաֆեան, որ մասնակցած է նաեւ 90ականներու ազատամարտին, զոհուած է 5 Ապրիլին՝ Մարտակերտ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին։ Ան ռազմաճակատ մեկնած էր իբրեւ կամաւոր։
Հրաչեայ Մուրադեան նոյնպէս կամաւոր էր, զոհուած է 8 Ապրիլին, Մարտակերտի մէջ։ Անոր ընտանիքը վարձքով կը բնակի Երեւանի Օհանովի փողոցին վրայ:
Մանուէլ Գէորգեան զոհուած է 14 Ապրիլին, Մարտունիի մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին: Անոր ծնողները եւ քոյրը վարձքով կը բնակին Նորքի 9րդ հատուածին մէջ: Գէորգեանի ընտանիքին 60.63 քմ. տարածութեամբ բնակարան պիտի յատկացուի Երեւանի Լիւքսեմբուրգի փողոցին վրայ:
Խալաֆեան եւ Մուրադեան ընտանիքներուն բնակարան պիտի յատկացուի Քանաքեռ 14րդ փողոցի երկու տարբեր շէնքերու մէջ՝ 85.16 քմ. տարածութեամբ: