ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 13 Մայիսին Արցախի մէջ վիրաւորուած Յովհաննէս Պօղոսեանի առողջական վիճակը կը նկատուի ծայրայեղ ծանր: 19 Մայիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան:
Մարտական դիրքերուն վրայ վիրաւորուած 19ամեայ Արման Լազգիյեան արտերկիր տեղափոխելու առնչութեամբ նախարարը ըսած է, որ 18 Մայիսին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ ան ենթարկուած է վիրահատութեան, Արմանին առողջական վիճակին մէջ աննշան դրական փոփոխութիւն նկատուած է: «Այս պահին Արմանի առողջական վիճակը գնահատւում է կայուն ծանր եւ նրան արտերկիր տեղափոխելու մասին խօսելը վաղ է, այս հարցը օրակարգից հիմա հանել ենք: Յետ վիրահատական շրջանն անցնելուց յետոյ միայն կը կարողանանք տեղափոխման մասին խօսել», ըսած է Արմէն Մուրադեան՝ աւելցնելով, որ Արմանի ծնողներուն հետ հանդիպում ունեցած է ու փոխանցած, որ ներկայիս անկարելի է զայն տեղափոխել։
Նախարարը նաեւ դիտել տուած է, որ Ռուբէն Առաքելեանի եւ Արման Լազգիյեանի ծնողներուն փափաքը յստակ է՝ որդիներուն հետագայ վերականգնողական բուժումը շարունակել այն բժշ-կական հաստատութիւններուն մէջ, ուր իրենք կ՛ուզեն։
«Ես խօսել եմ վարչապետի հետ, մենք պատրաստակամ ենք եւ մեր բարոյական պարտքն ենք համարում մշտապէս լինել մեր տղաների կողքին», ընդգծած է առողջապահութեան նախարարը:
Հիւանդանոցը գտնուող վիրաւոր զինուորներուն առողջական վիճակին մասին խօսելով՝ Արմէն Մուրադեան դիտել տուած է, որ ներկայիս ծայրայեղ ծանր կը նկատուի Յովհաննէս Պօղոսեանի վիճակը, իսկ 6 զինուորներուն առողջական վիճակը՝ կայուն ծանր: