ՇԱՀԱՆ ԱԹՄԱՃԵԱՆ
«Ո՜վ Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժին մէջ է»…
Արդեօք ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ազգ մը միացած ձայնով աշխատանք տանի, քան՝ բաժանեալ անհատներով: Անհատ մը ունի իր մտածելակերպը, գործելակերպը, եւ ինչու չէ՝ գաղափարները: Թէկուզ բախտով, կարելի է, որ այդ անհատը հիանալի փիլիսոփայութիւններ, առարկաներ եւ նոյնիսկ շարժումներ առաջ բերէ… հաւանականութիւնը նուազ է։ Սակայն երբ բազմաթիւ անհատներ միանան եւ միախմբեն իրենց միտքերն ու խանդավառութիւնը, յաջողութեան հաւանականութիւնը կ՛աւելնայ: Երբ ընդհանուր ազգ մը միացեալ եւ միասնակամ ըլլայ, ապա կարելիութիւնները անսահման կ՛ըլլան: Միասնակամութիւնը դիւրացնող մասնիկը հայկական միութիւնն է:
Հայ համայնքը՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, հարուստ է տարբեր տեսակի միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով: Տարբեր գաղափարախօսութիւններու եւ մասնագիտութիւններու շուրջ միութիւններ գոյութիւն ունին: Լաւապէս քննէ՛ սիրած մարզերդ եւ ասպարէզներդ ու միացի՛ր հայ միութեան: Հայ միութիւնը հոգեկան կապ մը կը ստեղծէ անհատներու միջեւ եւ զիրենք կ՛ուղղէ դէպի կարեւորագոյն նպատակ մը, ըլլայ անիկա դատական, քաղաքական, սկաուտական, մարզական, երիտասարդական եւ ինչու չէ՝ նոյնիսկ ռազմ-արուեստական:
Կազմակերպութեան ընդմէջէն կը ստեղծուին նոր ընկերութիւններ եւ կ՛ընդլայնուին մտածելակերպեր… հոն նոր բաներ կը սորվինք, հոգեկան գոհունակութեամբ կը ծառայենք մեր ազգին, եւ ամենակարեւորը՝ կը զօրացնենք մեր լեզուն:
Յիշեմ կարգ մը օրինակներ, որոնք կը գործեն Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ. ՀՅԴ, Հայ Դատ, ՀԵԴ, ՀՄԸՄ, Համազգային, Հայ Օգնութեան Միութիւն, Հայ Առաքելական Եկեղեցի, Հայ Իրաւաբաններու Միութիւն, «Հայ Քաջ Տօ» ռազմարուեստը եւ շա՜տ աւելին…
Հայ Դատը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութիւնն է ամերիկեան կառավարութեան մօտ:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, սերտ եւ երկարատեւ ընկերականութեան ընդմէջէն, հայ երիտասարդութիւնը կ՛ուղղէ դէպի ընդհանրական նպատակ մը՝ ազատ, անկախ, եւ միացեալ Հայաստան: Քաղաքացիական, մշակութային, դաստիարակչական, մարզական եւ ընկերային իր յարկէն ներս, անիկա կը պատրաստէ նոր սերունդի ղեկավարներ:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը իր սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներով, եղբայրական յատուկ սիրով կը դաստիարակէ հայ երիտասարդը՝ անոր փոխանցելով քաղաքացիական տիպար ապրելակերպ, սէր հայ մշակոյթին հանդէպ եւ կարգապահութիւն՝ ըլլալու միշտ պատրաստ իր ազգին ծառայելու համար:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր յատուկ առաքելութեամբ կ՛օժանդակէ տնտեսական եւ ընկերային տագնապի մէջ գտնուող անձեր:
Հայ առաքելական եկեղեցին, միշտ թիկունք կանգնելով ժողովուրդին՝ մինչեւ այսօր կը ծառայէ ազգին համեստութեամբ եւ հոգեկան ու բարոյական բարձր արժանիքներով:
Հայ երիտասարդը պէտք է սորվի իր լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը եւ Դատը, որպէսզի իր ազգասիրական ոգին զօրանայ: Այս բոլորին կողքին նաեւ կարեւոր է, որ հայ երիտասարդը կարենայ ինքնապաշտպանութեան դիմել, երբ կարելութիւնը ունենայ: Դարեր շարունակ, մինչեւ այսօր, տարբեր ուժեր, ազգեր եւ ղեկավարութիւններ փորձած են մեզ ոչնչացնել, բայց՝ մի՛շտ ձախողած: «Հայ Քաջ Տօ» ռազմարուեստը յատուկ կարգապահութեամբ կը պատրաստէ հայ ինքնավստահ քաջեր՝ զինուած ոչ թէ միայն ձեռքի ուժով եւ մտային ճարպիկութեամբ, այլեւ հայեցի բարձր դաստիարակութեամբ եւ ազգասիրական ոգիով:
Ահաւասի՛կ քանի մը կազմակերպութիւններ, որոնք կը գործեն մեր շրջանէն ներս: Ընտրութիւնները լա՛յն են, իսկ մասնակցութիւնը՝ դիւրին: Արձանագրուեցէք, միացէ՛ք, որ մեր միութեամբ, միասնական ուժով եւ բարձր ձայնով մեր Դատը յառաջ տանինք, որովհետեւ մեր միա՛կ փրկութիւնը կարելի է ապահովել մեր միասնականութեամբ եւ եռանդով լի հայրենասիրական ոգիով:
Շահան Աթմաճեան 20 տարեկան է