ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Բազմաթիւ անգամներ, ուրախ կամ տխուր առիթներով, գաղութային աշխուժութիւն մը ստեղծած է հայ երիտասարդը: Զարմանալի երեւոյթ մը չէ՛ սակայն ասիկա:
Հարսանիքներու եւ պարահանդէսներու ուրախութիւններէն եւ «քէֆ»ի մթնոլորտէն անդին, սփիւռքահայ երիտասարդը իր ուսերուն վրայ շալկած է աւելի ծանր բեռ մը՝ ազգային բնոյթով: Վերջին ամսուան ընթացքին, աշխարհի տարածքին գտնուող հայ երիտասարդներ՝ միահամուռ ու ազգային պարտականութենէ մղուած, իրենց բողոքը յայտնեցին Արցախեան զինադուլի խախտման ու թշնամիին անմարդկային արարքներուն դէմ: Զարմանալի երեւոյթ մը չէ՛ր…
Հայոց Եղեռնի յիսնամեակին էր, երբ հայ երիտասարդը, տաքարիւն հայ երիտասարդը, սուգի մթնոլորտէն զզուած, արցունքէն ու ողորմութենէն զզուած, անկիւնադարձային որոշումով մը՝ ութսուն հազարով իր զայրոյթը յայտնեց մէկուկէս միլիոնի նահատակութեան, հողերու գրաւման ու Թուրքիոյ անտարբեր կեցուածքին դէմ: Զարմանալի չէր բնա՛ւ…
Իսկ Եղեռնի հարիւրամեակին, հայ երիտասարդին ղեկավարութեամբ էր կրկին, որ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, հարիւր հազարներով, քաղաքական ու դիւանագիտական դատարկ խօսքերէ զզուած, մեծ պետութիւններու խամաճիկներուն եւ հտպիտներուն փուճ խաղարկութենէն գանած, ճանաչում ու հատուցում պահանջելով՝ պնդութեա՛մբ իր բողոքը արտայայտեց: Իսկապէ՛ս զարմանալի չէ՛ր…
Հայոց Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք էր, երբ յեղափոխական հայ երիտասարդը, զէն ի ձեռին, պատերազմեցաւ, նահատակուեցաւ ու յաղթական դուրս եկաւ՝ հիմնելով Հայոց Առաջին Հանրապետութիւնը, ազատ ու անկախ, դարերու ստրկութենէն ետք: Շատերու համար զարմանալի էր այս, այո՛, բայց հայութեան համար՝ ո՛չ։
Հայ երիտասարդն էր, որ հայրենի հողի կանչին պատասխանեց, կեանքի հարստութիւն լքեց ու վազեց դէպի մեր պատմական Արցախը՝ մեր «Մելիքներու» հողը փրկելու համար անգութի ժանիքներէն: Նոյնպէս եւ այսօր, հայ երիտասա՛րդն է այդտեղ՝ կեանքը զոհելով, անգամ մը եւս փաստելու համար, թէ հայու արիւնով փրկուած հողն ու հայրենիքը խաղալիք չեն կրնար դառնալ ուրիշներու քմայքին: Թերեւս զարմանալի է օտար ազգերու համար, բայց սովորական երեւոյթ մը՝ մեզի՛ համար…
Զարմանալի չէ՛, թէ հայ երիտասարդն էր, որ ստրկութեան շղթաներէն գարշելով՝ ուսումի ճամբով զարթօնքի ու յեղափոխութեան մղեց համայն հայութիւնը: Նոյն երիտասարդներն էին, որոնց վրիժառու փամփուշտները սպաննեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրող գազանները: Հայ երիտասարդն էր, որ կերտեց Ազատ ու Անկախ Հայաստանը, պաշտպանեց Սփիւռքի գաղութները, նահատակուեցաւ ու տակաւին կը նահատակուի հայրենի հողին համար. իր առօրեայ հաճոյքները զոհելով՝ կը նետուի կամաւորական եւ գաղութային աշխատանքներու մէջ ու բեմերու վրայէն կը պահանջէ արդարութի՛ւն…
Զարմանալին ա՛յդ է, սակայն, որ կան ոմանք, որոնք իրենց հանգիստը չխանգարելով, արեւուն տակ չտաքնալու պատճառաբանութեամբ, տարուած աշխարհիս անիմաստ նիւթականութեամբ ու համաշխարհայնացումով, փնտռելով փառքի ճամբան… կը մնան անտարբեր, անփոյթ ու անհոգ:
Լալէ Բագրատունի 24 Տարեկան է