ՄԱՆՈՒԿ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Նշանածիս հետ Կեսարիայէն մեկնող հանրակառքին մեջ առաւօտեան ժամը 5ի արշալոյսին արթնցայ: Ծովք լիճին քովէն կ՛անցնէինք. հասկցայ, որ Խարբերդը տեսնելու բախտը պիտի չունենայինք: Ես կ՛երազէի Հայոց լեռնաշղթայի արեւմտեան մուտքը տեսնել, բայց իմ ընտրած ճանապարհի վերջնակէտը հիւսիսային Միջագետքն էր: Էրկանի Արղնի քաղաքն անցնելով անմիջապէս հասկցայ, որ այս տեղերը կենդրոնական Թուրքիայէն բոլորովին տարբեր են: Մայրուղիի կողքն էին՝ ոչ թէ տէօներճիներ («թարնա»), այլ՝ ղաւուրմաճիներ. ուտողները ոչ թէ թուրք, այլ քիւրտ էին:
Հասնելով Տիգրանակերտի արուարձաներէն մէկը, Հայաստանի մէջ նոր մկրտուած մեր ընկերը մեզի հիւրընկալեց: Քաղաք մը, որուն շրջամասը, Միջագետքի դաշտի հին գիւղերուն վրայ սարքուած մեծ մայրուղիի մը կողքով, շարուած էին հաստկեկ հասկերու նման բարձրայարկ շէնքեր: Այդ շէնքերու բնակիչներուն մեծ մասը ութսունականներէն ի վեր պատերազմէն տուժած մօտակայ գիւղերու ներքին փախստականներն էին:
Մեր ընտանեկան ծանօթի մը միջամտութեամբ նոր հիմնուած դպրոցի մը Էնվեր անունով քիւրտ տնօրէնին հետ կրցանք հանդիպում մը ունենալ: 80ականներուն իր ազգին դատը պաշտպանելուն համար Էնվերը բանտարկուած ու տանջուած էր Տիարպեքիրի յայտնի բանտին մէջ: Հիմա այս յառաջադէմ դպրոցի հիմնադիր այս տնօրէնը իր գրասենեակին մէջ, իրեն հակառակորդ Աթաթիւրքի պաշտոնական դիմանկարներէն մէկը կախած է իր սեղանին ետեւը: Ընկերասէր, ազգասէր եւ հայամէտ պարոն Էնվերը մեզի լուրջ հիւրի պէս ընդունեց, իր եւ մեր հայ ընկերոջ շնորհիւ: Մեզի կերակրելէ ետք իր հիւրասիրութիւնը փոխանցեց իր վարորդ Էրմանին, որ մեզի պտըտցնէ քաղաքի տեսանելի վայրերը:
Էրմանը մեզի հին քաղաք բերդ տարաւ, որ քրտական նոր ազգային շարժման ու ինքնութեան մայրաքաղաքը դարձած է: Առեւտրական կեդրոններու պատերուն վրայ կախուած էին Ապտուլլահ Օճալան, փաստաբան-նահատակ Մազլում Տողան, նոր առաջնորդ Սելահետտին Տեմիրթաշ, կրօնական մտաւորական Սաիտի Նուրսի ու Հիւսիսային Իրաքի սպարապետ Մուսթաֆա Պարզանիի դիմանկարները, որոնք կը ներկայացնէին քաղաքի բազմազան քրտական գաղափարախօսութիւնները: Բազմամշակութային բնոյթն ալ կ՛երեւի քաղաքապետարանի ձեռնարկած հանրային նախաձեռնութեամբ. «Ես Տիգրանակերտը կը սիրեմ ու չեմ աղտոտեր» կարգախօսը, փողոցներու շուրջ կը պատէ տարբեր լեզուներով՝ ասորերէնով, զանազան քրտերէն բարբառներով, թրքերէնով եւ հայերէնով: Գրախանութները ազատօրէն քրտական մշակոյթի ու պատմութեան գիրքեր կը ծախեն, ու հետեւաբար, կը ներառնուին հայերու վերաբերեալ գիրքեր:
Էրմանը արդէն մեզի հարազատ հօրեղբօր նման եղած՝ յայտնեց ուրիշ իրականութիւն մը, որ մօր կողմը հայ է: Իր մայրը կէս հայ է, ու մեր ծանօթացած ուրիշներն ալ կէս, քառորդ, քառորդ ու կէս կամ երեք քառորդ էին, բայց քիւրտ կ՛անուանուէին: Հայերը ո՞ւր էին:
Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին՝ Սուրբ Կիրակոս մտնելնուս տեսանք համախմբուած համայնք մը, որ եկեղեցին իրենց կեդրոնն էր: Եկեղեցւոյ շուրջ մեծ տարածք մը կայ, փոքր պուրակով, սրճարանով, սրահով, ստորգետնեայ պահեստով ու զբօսաշրջիկներու համար խանութ մըն ալ կար, ուր Ս. Կիրկակոս անունով կնքուած ապրանք կը ծախեն: Եկեղեցւոյ կնիք եղած օճառը, մօտակայ Մարտին նահանգի Տերիք աւանի բնակիչ հայ վարպետ մը կը նուիրէ, որպէսզի եկեղեցւոյ հիմնարկի պարտքերը փակուին: Բացի այդ 2 գինեգործ վարպետները հպարտութեամբ Չիւնկիւշ՝ Չնկուշի հայերէն մնացած այգեստաներէն խաղող կը հաւաքեն ու գինի կ՛արտադրեն. սովորութիւն մը, որ արդէն յայտնի դարձած է Մարտինի ասորիներուն կողմէ:
Հայոց ներկայութիւնը քաղաքին մէջ չնչին է, բայց արտաքին յարաբերութիւններու ազդեցութեամբ, օրինակ Տիգրանակերտի սփիւռքը, «Պոլսոյ եւ արեւմտեան երկիրներու մէջ թարմ նորութիւն մը տուած է քաղաքին, բայց անշուշտ իր անցեալով: Քաղաքին կեդրոնը բացուած էր «Ասլըհան» անունով առաջին հայկական խոհանոց ունեցող ճաշարանը, որուն տէրը հայ չէր: Տեղացի հայ մը փոխանակ ուրախանալու ճաշարանի գոյութենէն, քննադատեց՝ ըսելով, որ իրական Տիգրանակերտի հայկական խոհանոցը չէ, ճաշացուցակը պոլսահայերու ճաշերն են:
Տիարպաքըրի հայերը ուրիշ ճաշարան կ՛երթան: Ոմանց համար քաղաքի ամենալաւ ճաշարանը կենդրոնէն դուրս կը գտնուի. տէրը հայ է ու բոլոր իր մատուցողներն ալ հայ են:
Ամէտ իր անցեալով հետաքրքրուած ըլլալով հանդերձ, իր ներկայով ալ կը ջանայ ապրիլ՝ միշտ իր ապագան շեշտելով: Քրտական շարժումը ու Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կատարուած անարդարութիւնները իր բնակիչներուն հանդէպ վերջին քառասուն տարիներուն դրդապատճառներ ներշնչած է քիւրտ ժողովուրդին մէջ։
Վերջերս, յատկապէս վերջին կէս տարուան մէջ, այդ ապագան լաւագոյն պարագային, մռայլ ու մշուշոտ է: Քաղաքի կեդրոնական հատուածը պատերազմի դաշտի վերածուած էր ու հիմա մասամբ դարձած է աւերակ: Պետութիւնը անօրինականօրէն բռնագրաւած է հին կեդրոնի կալուածները, այն նպատակով, որ կոտրէ քիւրտերուն հեռատես ազգային ապագան ու վերացնէ նոր քաղաքային ֆետայիները եւ անոնց աջակիցները կեդրոնէն դուրս քշէ՝ դէպի բազմայարկանի շենքեր, զորս հսկելը աւելի հեշտ է:
Մեր նոր շունչ առած հայերը անուղղակիօրեն կը զոհուին: Ս. Կիրակոսը յափշտակուած, համայնքը զրկուած էր իր ինքնութեան կեդրոնէն: Աւելին, ատելութեան քարոզչութիւնը կը շատնայ հայերու հանդէպ, երբ պետութիւնը կը հարուածէ քիւրտերուն՝ պնդելով, որ PKK-ի մէջ հայ արմատ ունեցող անդամներ կան, ու զանազան պատճառներ՝ քեմալիստական ազգայնականութեան հիմքերուն վրայ կառուցուած հեքիաթներով:
Տիգրանակերտէն մեկնեցանք Ապրիլի երկրորդ շաբթուան մէջ դէպի Պիթլիս ու այնտեղէն Վան, Իգտիր եւ Ղարս: Ամբողջ Թուրքիոյ մէջ չկայ այնպիսի տեղ, ուր երկու մեկուսացուած ժողովուրդներ կը փորձեն անցեալով ապագայ ստեղծել: Տիգրանակերտը ճակատ է ազատութեան ու նոյնպէս՝ փարթամ դաշտ մը:
Մանուկ Աւետիքեան 28 տարեկան է