ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի կուսակցութիւններու համախմբումը իր ընթացիկ նիստը գումարեց Հինգշաբթի, Ապրիլ 7ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Սին էլ Ֆիլի կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին՝ համախմբումը կոչ ուղղեց անմիջապէս կասեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւնները՝ ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Համախմբումին համաձայն՝ այդ տագնապին խաղաղ լուծումը պիտի ընդհատէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը սրելու Թուրքիա-Իսրայէլ ծրագիրները, որոնք կը հետապնդեն սահմանային ընդարձակման նպատակներ: