ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Ապրիլ 5ին քննադատած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրդողանի եւ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնները, որոնք դարձեալ թիրախ կը դարձնեն հայ համայնքը:
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը գրէ, թէ Փայլան մասնաւորապէս իր վրդովմունքը արտայայտած է Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 3ին կատարած յայտարարութեան գծով, որ կ՛առնչուէր Ուաշինկթընի «Պրուքինկզ» հիմնարկին առջեւ Էրտողանի դէմ կատարուած ցոյցին։ Էրտողան պնդած էր, թէ իր թիկնապահները բռնարարքներու դիմած էին իր դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն մասնակիցներուն դէմ, որովհետեւ «հոն էին նաեւ ԱՍԱԼԱ (Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակ) հայկական կազմակերպութեան անդամները»:
Փայլան քննադատած է նաեւ Փետրուար 27ին Բիւրակնի մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուին կողմէ այն յայտարարութիւնը, թէ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը «հայ հրոսակախումբերու նման կը համագործակցի Ռուսիոյ հետ»:
Հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ նման արտայայտութիւններով, նախագահն ու վարչապետը կը սպառնան Թուրքիոյ հայ համայնքին ապահովութեան: