ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիա, Ատրպէյճանին հետ կնքուած պայմանագիրներու համաձայն, պիտի շարունակէ զէնք մատակարարել Ատրպէյճանին՝ որպէս ռազմավարական գործընկեր. Ապրիլ 8ին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին՝ ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան:
2015ի սկիզբը յայտնի դարձած էր, որ Ռուսիա աւարտելու վրայ է Ատրպէյճանի «Թ-90ս» տիպի հրասայլերու մատակարարումները: Աւելի կանուխ, զէնքերու արտադրութեան ռուսական «Ռոսոպորոնեքսփոր»չ ընկերութիւնը հաղորդած էր, թէ 2017ին Ռուսիա պիտի աւարտէ սպառազինութիւններու եւ ռազմական սարքաւորումներու մեծաքանակ մատակարարումները՝ ա՛յն համաձայնութիւններով, որոնք կնքուած էին 2010ին:
Լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով՝ մատակարարումները կ՛առնչուին եւս երեք գումարտակ «Թ-90ս» տիպի հրասայլերու եւ երեք գումարտակ «ՀՄՄ-3» մեքենաներու, նաեւ՝ ինքնագնաց հրետանիներու, համազարկային կրակի համակարգերու եւ ծանր կրականետային համակարգերու: Բացի ատկէ, Պաքու գնած է նաեւ վերանորոգման, տարհանման եւ ճարտարագիտական մեքենաներ, նաեւ այնպիսի մեքենաներ, որոնք անհրաժեշտ են հրաձգութեան սպասարկման եւ կառավարման համար:
Հրասայլերու նոր խումբը աւելի արդիականացած է նախորդներէն։
Փորձագէտներ օրին նշած էին, որ 2010ին այդ պայմանագիրներուն արժէքը մէկ միլիառ տոլար էր:
Նշենք, որ նոյն տարին՝ 2010ին, պայմանագիր կնքուած էր՝ Ատրպէյճանին «Մի. 35մ» տիպի 24 ուղղաթիռներ ծախելու շուրջ։