ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լրատուամիջոցներ հրապարակած են Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին վաճառուող սպառազինութիւններուն ցանկը:
2000 թուականէն Ատրպէյճան սկսած է աշխոյժ կերպով զէնք գնելու Ռուսիայէն, սակայն համաձայնագիրներու առաւել մեծ թղթածրար մը ստորագրուած է 2010ականներուն սկիզբը ու կը գնահատուի առնուազն չորս միլիառ տոլարով: Անով Պաքուն ստացած է մօտաւորապէս 100 հատ Տ-90ս հրասայլ, 100 հատ ՀՄՄ-3, 18 նմոյշ «Մստա Ս» 2ս 19 մ1 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմոյշ «Վեսնա» 2ս31 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմոյշ 9ա52 «Սմերչ» տեսակի համազարկային կրակի համակարգ, 18 նմոյշ ՏՕՍ-1Ա «Սոլնցեպէոկ» ծանր հրանօթային համակարգ, 10 նմոյշ «Քրիզանթեմ Ս» հակահրասայլային մարտական մեքենայ եւ 300 նմոյշ «Իգլա Ս» շարժական զենիթահրթիռային համալիր՝ 1500 հրթիռներով եւ ճարտարագիտական-սակրաւորային մեծ համակարգ։ Այս մասին գրած է Lenta-ն:
Բացի ատկէ Ատրպէյճանին փոխանցուած են «Ֆաւորիտ» տեսակի Ս-300 Պմու-2 հեռահար զենիթահրթիռային համակարգի 2 գումարտակ եւ քանի մը մարտկոց «Տոր-Մ2» զենիթային համալիր: Ստացած են 60 նմոյշ Մի-17 ուղղաթիռ եւ 24 նմոյշ Մի-35 մ հարուածային ուղղաթիռ:
Հայաստանի գնած զէնքը աւելի համեստ ցանկ ունի: Յայտնի է, որ վերջին տարիներուն Հայաստան ստացած է Տ-72 Բ նմոյշի 35 հրասայլ եւ չճշդուած նմոյշի 100 մարտական մեքենայ (փորձագէտները կը կարծեն, թէ ատիկա կրնայ ըլլալ զրահափոխադրիչ 80 կամ արդիական ՀՄՄ-2), 50 շարժական զենիթահրթիռային համալիրներ:
Աւելի կանուխ որոշում տրուած էր Երեւանին 200 միլիոն տոլար արտածման վարկ տրամադրել ռուսական սպառազինութիւններ գնելու համար: Գործարքը մինչեւ հիմա չէ կատարուած։ Նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ռուսիոյ վարչապետ Մետվետեւի հետ հանդիպման ընթացքին խնդրած էր արագացնել Հայաստանին զէնքի տրամադրման համաձայնագիրի կնքման գործընթացը: «Մենք շնորհակալ ենք ռուսական կողմից պետական արտահանման վարկի տրամադրման համար՝ Հայաստանի կարիքների համար ռազմական արտադրանքի մատակարարման ֆինանսաւորման նպատակով: Սակայն, համաձայնութեան կատարաման գործընթացում կան որոշակի դանդաղումներ, այդ պատճառով ձեզ խնդրում եմ «Ռոսոբորոնէքսպորտ»ին հրահանգներ տալ համաձայնագիրը կնքելու վերաբերեալ», ըսած է Աբրահամեան։
Բարեւ,
Ինչ որ կը նկատուի, Հայաստանը իր գերիշխանութեան տակ պահելու ոտնձգութիւն է:
Նուարդ Պարսամեան