ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուրբաթ, Ապրիլ 8ին, Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը. այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:
«Խորհրդակցութեանց ընթացքին քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութիւնները՝ ռուսական կողմին ձեռնարկած ջանքերու պարունակին մէջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ներռուսական եւ միջազգային հարցերուն», ըսած է Փեսքով: