ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեւան հաստատուած եւ իր «Shadowmatic» խաղին համար «Apple» ընկերութեան «Apple Design» հեղինակաւոր մրցանակին արժանացած «Թրիատա Սթուտիօ» ընկերութիւնը եւս իր ձայնը միացուցած է այն ընկերութեանց, որոնք կոչ կ՛ընեն Ամերիկա-Հայաստան տուրքերուն համար արդիական համակարգ մը ապահովող համաձայնագիր կնքելու։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յղուած նամակի մը մէջ, «Թրիատա Սթուտիօ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Արա Աղամեան բացատրած է, թէ իր ընկերութիւնը կը նպաստէ Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան մարզի բարգաւաճումը ապահովող ջանքերուն, միաժամանակ նպաստելով Հայաստան-Ամերիկա տնտեսական յարաբերութեանց սերտացման եւ միջազգային շուկային մէջ Հայաստանի դիրքը ամրապնդելու փորձերուն։
«Սակայն, մեր նպատակներուն իրականացման առջեւ կը մնան շարք մը խոչընդոտներ, որոնցմէ մէկն է Միացեալ Նահանգներու հետ ներկայիս գործող կրկնակի տուրքերու համակարգը։ Այս անտեղի բեռը վերցնող նոր համաձայնագիր մը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ընկերութեանց միջեւ գործակցութեան սերտացման», գրած է Արա Աղամեան։
Յիշեցնենք, որ վերջերս, նկարներու մշակման համացանցային ծրագիրներու «PicsArt» ընկերութեան համահիմնադիր Արտաւազդ Մեհրապեան նման նամակ մը յղած էր, իսկ անկէ առաջ՝ նոր համաձայնագիր մը կնքելու կոչ ըրած էին շարք մը այլ ազդեցիկ ընկերութիւններ, ներառեալ՝ «Մայքրոսոֆ»չը, «ՖետԷքս»ը, «Նեզտեք»ը, «Մերիաթ»ը եւ «Կրենթ Թորնթըն»ը։
Նաեւ, քոնկրեսականներ Ճուտի Չու (Քալիֆորնիա, Դ.) եւ Թետ Լիու (Քալիֆորնիա, Դ.) պաշտօնապէս կոչ ըրած էին Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր գանձապետ-ելեւմուտքի նախարար Ճէյքըպ Լիուին, որ առաջ մղէ Հայաստանի հետ տուրքերու առաւել նպաստաւոր համակարգի մը ստեղծման ջանքերը եւ յատկապէս՝ կրկնակի տուրքերէն խուսափելու աշխատանքը, որուն երկարամեայ ջատագովներէն մէկն է նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Նաեւ, անցեալ Օգոստոսին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ նախարար Լիուի հետ՝ քննելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու կարելիութիւնները եւ շեշտելով յատկապէս 1973էն ի վեր գործող տուրքերու ներկայ դաշինքին արդիականացման հրամայականը:
Նախարար Լիուին կոչ ուղղելու համար, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու սկսի՝ նման համաձայնագիր մը գոյացնելու միտումով, կարելի է այցելել anca.org/trade կայքէջը։
Կրկնակի տուրքերէն խուսափելու միտող նոր դաշինքին մասին Հայ Դատի ուսումնասիրութիւնը կարդալ http://anca.org/assets/pdf/ANCA_Double_Tax_Treaty.pdf կայքէջին վրայ, իսկ «Թրիատա Սթուտիօ» ընկերութեան կամ «Shadowmatic» խաղին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.triadastudio.com կամ www.shadowmatic.com կայքը։