ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրք ոստիկանութիւնը Շաբաթ, Մարտ 5ին արցունքաբեր կազ օգտագործեց՝ ցրուելու համար ընդդիմադիր «Զաման» օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները, որոնք կը բողոքէին ապահովական ուժերուն կողմէ քանի մը ժամ առաջ տեղի ունեցած խմբագրատան գրաւման դէմ: Ոստիկանութիւնը նաեւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց, ցրուելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ընդդիմախօս օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները:
Շարք մը այլ լրատուամիջոցներու փակումէն ետք «Զաման»ը եւս լռեցնելու նպատակով առնուած այս քայլը արժանացաւ Արեւմուտքին եւ լրագրողներու իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութեանց քննադատութեան եւ դատապարտումին:
Եւրոպական Միութիւնը Անգարային կոչ ուղղեց յարգելու խօսքի ազատութիւնը՝ նշելով, որ Թուրքիա, իբրեւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու, պէտք է յարգէ ժողովրդավարութեան կանոններն ու գործելաոճը, որոնց շարքին՝ լրատուամիջոցներու ազատութիւնը:
Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս դէպքերը ցոյց կու տան, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինչո՞ւ լուրջ կասկածներ ունի Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հաւանական անդամակցութեան շուրջ: «Քննարկումը շատ երկար պիտի տեւէ. այժմ այդ մասին չ՛արժեր մտահոգուիլ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի մտահոգիչ նկատեց լրատուամիջոցներուն նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն վերջին միջոցառումները: «Տեղեակ ենք թրքական «Զաման» թերթի իրադարձութիւններէն: Կատարուածը կառավարութեան կողմէ զինք քննադատող լրատուամիջոցները թիրախ դարձնող մտահոգիչ գործողութիւններու շարքին վերջին դէպքերէն մէկն է: Մենք կը յորդորենք Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ յարգանք ցուցաբերէ իրաւունքին եւ օրէնքին նկատմամբ: Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ քննադատական կարծիքները պէտք է ողջունուին ու քաջալերուին, եւ ոչ թէ լռեցուին», ըսաւ Քըրպի:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ բնակող այլախոհ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի համակիր նկատուող եւ օրական 650,000 տպագրութիւն ունեցող «Զաման» թերթին համար նոր խնամակալութիւն մը նշանակուեցաւ գրաւումէն ետք, եւ թերթը վերջին քանի մը օրերուն սկսաւ կառավարութիւնը փառաբանող նիւթեր հրապարակելու։
Վերջերս Թուրքիոյ մէջ փակուած են «Քանալթիւրք», «Պուկիւն Թի.Վի.» եւ «IMC TV» պատկերասփիւռի կայանները, «Կազեթեսի», «Միլլեթ Կազեթեսի» թերթերը եւ «Քանալթիւրք» ձայնասփիւռի կայանը: