ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ ղեկավարները Մարտ 6ին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են, քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած է, թէ հինգ ղեկավարներուն միջեւ Սուրիոյ հարցին շուրջ տեսակէտներու փոխանակումը «օգտակար էր», սակայն յառաջիկայ ամիս Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններու կազմակերպումը «գրգռի»չ որակած է:
Իր կարգին, Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ հաղորդեց, որ Փութին յայտնած է, թէ Ապրիլին խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու սուրիական իշխանութիւններուն որոշումը խաղաղութեան հոլովոյթին համար արգելք մը չէ՝ աւելցնելով, որ ղեկավարները պատրաստակամութիւն յայտնած են Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ջանքերը աշխուժացնելու:
Քրեմլին նաեւ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ զինադուլը կու տայ իր առաջին արդիւնքները, ինչ որ ՄԱԿի հովանաւորութեամբ երկխօսութեան ձեռնարկման համար պայմաններ կը ստեղծէ: