– Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով, ակնարկելով «Հըզպալլա»ն ահաբեկչական նկատելու Ծոցի երկիրներու որոշումին՝ շեշտեց, թէ որեւէ կազմակերպութիւն ահաբեկչական որակելը պէտք է հիմնուած ըլլայ ՄԱԿի արժեչափերուն վրայ: Ալճերիա եւ Թունուզ եւս յայտարարեցին, թէ «Հըզպալլա»ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն չեն նկատեր։
– Իրանցի միլիառատէր Պապաք Զանճանի Մարտ 6ին մահուան դատապարտուեցաւ՝ նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմետինեճատի իշխանութեանց օրերուն պետական քարիւղի վաճառքէն ստացուած գումարներուն մէկ մասը իւրացնելու յանցանքով։ Զանճանիի ընկերութիւնը մասնաճիւղեր ունի Թուրքիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ այլ երկիրներու մէջ։ Ան ձերբակալուած է Դեկտեմբեր 2013ին։