ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 7 Մարտին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի նախագահութեամբ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ռազմական խորհուրդի նիստ՝ նուիրուած մարտական հերթապահութեան կազմակերպման եւ գործադրութեան, դիտարկման համակարգի, երկրաչափական արգելափակոցներու եւ ամրաշինական կառոյցներու վիճակին ու անոնց կատարելագործման ուղիներուն:
Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը՝ կարեւոր նկատելով օրակարգի հարցերը, նաեւ անդրադարձ կատարած է տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան, նախանշած ոլորտի հետագայ զարգացման հիմնական ուղղութիւնները:
Օրակարգային թեմային շուրջ ելոյթներով ու զեկոյցներով հանդէս եկած են բանակի հրամանատարի տեղակալները, միաւորումներու եւ զօրամասերու հրամանատարները, ղեկավարման մարմինի համապատասխան բաժիններու ու ծառայութիւններու պետերը:
Խորհրդակցութեան աւարտին զօր. Մնացականեան յանձնարարած է կատարուած առաջարկներն ու անոնց լոյսին տակ առնուելիք քայլերը ընդունիլ ի գիտութիւն եւ անոնցմով առաջնորդուիլ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման եւ գործադրութեան ընթացքին: