Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 8րդ դարուն արաբական Օմայատներու կայսրութիւնը (661-750) աշխարհի մեծագոյն կայսրութիւնն էր եւ ստեղծած էր արուեստի, գրականութեան, ճարտարապետութեան եւ գիտութեան հարուստ ժառանգութիւն մը:
Արաբական այդ կայսրութեան սահմանները կ՛երկարէին Պարսկաստանէն մինչեւ Սպանիա եւ Մարոք, իսկ հիւսիսային սահմանները կը հասնէին մինչեւ Հայաստան եւ Վրաստան: Սակայն նոյնիսկ անոր բնօրրանին մէջ, Օմայատներու պատմութիւնը մոռացութեան մատնուած է: Այժմ Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող ծրագիր մը կը նպատակադրէ Միջերկրական ծովը եզերող ցամաքամասերը իրարու կապող զբօսաշրջութեան ճանապարհի մը ճամբով լուսարձակները կեդրոնացնել Օմայատներու պատմութեան վրայ: Լիբանանը, Յորդանանը, Եգիպտոսը, Թունուզը, Իտալիան, Սպանիան եւ Փորթուկալը իրարու կապող ծրագիրը պիտի արժէ 4 միլիոն եուրօ:
«Ճանապարհին վրայ գտնուող վայրերը անծանօթ են», կը գրէ «Ինտիփենտըն»չի լրագրողը եւ կ՛աւելցնէ. «Սուրիոյ սահմանակից լիբանանեան փոքր քաղաք մը, որ ծանօթ է իր հայ բնակչութեամբ, Թունուզի կեդրոնը գտնուող իսլամական ուսման նախկին կեդրոն մը, մզկիթի մը մէջ կառուցուած իր տաճարով յայտնի սպանական քաղաք մը, Իտալիոյ հարաւային ծայրամասին մէջ գտնուող կաթողիկէ կղզի մը: Սակայն միասնաբար անոնք կը ստեղծեն արաբական նորարարութեան մեծագոյն ժամանակաշրջաններէն մէկուն պատկերը»:
Այնճարի մէջ զբօսաշրջիկները կրնան վայելել լաւապէս պահպանուած Օմայատներու օրով հիմնուած քաղաքի մը հնութիւններն ու փլատակները: Կը ծրագրուի նաեւ Այնճարի մէջ Օմայատներու թանգարան մը բանալ: