ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տունը Մարտ 3ին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցումը նպաստած է երկրին մէջ բաժնուող մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելման:
Սպիտակ տան բանբեր Ճաշ Ըրնեսթ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց յարգելու զինադուլի պայմանները, օժանդակութեանց մատակարարումը դիւրացնելու համար։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ վերջին երեք օրերուն ընթացքին, Սուրիոյ մէջ զինադուլը 31 անգամ խախտուած է: Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նաեւ մերժեց այն պնդումները, թէ զինադուլը միայն երկու շաբթուան համար է:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Ռուսիոյ տեղեկութիւն փոխանցած է Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերուն կողմէ զինադուլի խախտումներուն մասին եւ աւելցուցած, թէ միջոցներու կը ձեռնարկուին՝ ստացուած տուեալները ստուգելու համար:
Միաժամանակ, Թոնըր նշած է, որ Սուրիոյ մէջ «օդային հարուածներու թիւը ակնյայտօրէն կրճատուած է՝ նախորդ օրերու համեմատութեամբ»:
Միւս կողմէ, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահութիւնը Մարտ 3ին յայտարարեց, որ կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութեան հաստատման գաղափարին: