ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Մարտ 4ին հաղորդեց, թէ Փետրուար ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը կրցած է 242,000 աշխատանքի նոր առիթ ստեղծել՝ որոշ չափով մեղմացնելով համաշխարհային տնտեսական աճի դանդաղեցման եւ սակարաններու շուկային մէջ գիներու վերիվայրումներուն շուրջ մտավախութիւնները։
Այս տուեալին շնորհիւ, Փետրուար ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը անփոփոխ մնացած է (4.9 տոկոս)։ Սակայն, նոյն ամսուան ընթացքին, աշխատաւորներու ժամական վարձատրութիւնը միջին հաշուով 0.1 տոկոսով նուազած է, ինչ որ վարձատրութեանց առաջին նահանջն էր 2014ի Դեկտեմբերէն ի վեր։ Նախորդած 12 ամիսներուն (Մարտ 2015էն մինչեւ Փետրուար 2016), վարձատրութիւնները 2.2 տոկոսով աճ արձանագրած էին։