ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Վերոյիշեալ երկու բառերը ինչքան ալ ոմանք իրարու հետ շփոթեն, սակայն տակաւին տարբերութեան հսկայ պատով մը անոնք իրարմէ կը զանազանուին: «Խորագէտ» բառը պիտի գործածէր Յիսուս, պատուիրելով իր հետեւորդներուն խորագէտ ըլլալ օձերու պէս, սակայն ի պահանջելու հարկին ըլլալ նաեւ միամիտ՝ աղաւնիներու նման:
Առօրեայ կեանքը իր բոլոր երեսներով՝ ընտանեկան, ընկերային, աշխատանքային, նոյնիսկ կրօնական ու քաղաքական իր խմբաւորումներով, դժուարին եւ բարդ իրավիճակ մը կը պարզէ ներկայիս: Ընտանիքը, որ ամէնէն սեղմ ու հարազատ յարկն է, մեզի այնպէս կը թուի, թէ անկեղծագոյն միջավայրն է: Սակայն հոն եւս կը հանդիպինք դժուարութիւններու, որոնք երբեմն անլուծելի մնալով վերջնական «լուծում»ներու կը յանգին՝ խզումի այլընտրանքով: Ուրեմն, անձնական հաշիւներ, կողմնակցութիւններ, շահադիտական մօտեցումներ եւ սեփական քաղաքականութեան յատուկ նախասիրութիւններ պատճառ կը հանդիսանան, որ ամէնէն նեղ միջավայրէն եւս անկեղծութիւն բացակայի:
Խորամանկութիւնը, Յիսուսի մտածողութեան իսկ բառով՝ խորագիտութիւնը, դրական կենցաղակերպ է, երբ նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առած, մարդ իր կեանքը կ՛ապրի այս աշխարհի բազմագոյն իրականութեան մէջ: Այս բառին աւելի մեղմ կամ «քաղաքակիր»չ իմաստ եթէ ուզենք տալ, կրնանք զայն անուանել «Շրջահայեցութիւն»: Թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ շրջապատիդ մէջ քու անձիդ նկատմամբ, պէ՛տք է տեղեակ ըլլաս: Այլապէս, ստախօսներ, զրպարտողներ, նախանձորդներ ու բամբասողներ ոջիլի պէս կը վխտան շուրջդ ու առանց գիտութեանդ նաեւ գլխուդ մազերուն մէջ կը բնակին եւ կը սնանին անոնց արմատները կրծելով, օր մը քեզ իրենց նման ճաղատ դարձնելու համար: (Կ՛ըսեն թէ ոջիլները ճաղատ կ՛ըլլան): Գլխուդ կնտանալէն (ճաղատ դառնալէն-Խմբ.) ետք ալ իմաստ չունի ոջիլի դէմ տեսակաւոր հականեխիչներ գործածելու փութաջանութիւնդ: Ճիշդ ժամանակին պէտք է գործածես զանոնք, որպէսզի յետոյ քերուըտուքով չտանջուիս, ո՛չ ալ եղունգներդ քերծես ու մաշեցնես, քերելով գլուխդ, ոջիլները հեռացնելու ապարդիւն փորձեր կատարելով:
Վերոյիշեալ պատկերաւոր փոխաբերական բացատրութիւնը անոր համար էր, թէ խորագէտ կամ խորամանկ ըլլալը այս կեանքին մէջ, նախազգուշութիւն մըն է, կամ շրջահայեցութիւն, ապահով անցնելու համար առօրեայ կեանքի ճանապարհէն:
Այս ճամբէն սակայն ոմանք շեղելով, յանկարծ կը յայտնուին ուրիշ «գաղտնի» արահետի մը մէջ, որ այս պարագային խաբեբայութիւնն է: Գաղտնի արահետ է այս, որովհետեւ խաբեբան մայր ճամբուն վրայէն բնա՛ւ չի քալեր, այլ կը նախընտրէ մութ ու խոնաւ փողոցները, ներքին անտեսանելի անցքերը, տուներուն եւ պողոտաներուն ետեւի թաղերը, ուր շատ երթեւեկութիւն կամ անցուդարձ չկայ:
Խաբեբայութիւնը եթէ ոմանց համար հոմանիշ է խորամանկութեան, մենք պիտի ըսենք, թէ անոնք չարաչար կը սխալին: Մինչ խորամանկութիւնը ինքնապաշտպանողական նախազգուշութիւն մըն է, անդին խաբեբայութիւնը անձէն բացի, նաեւ դիմացինին համար վնասակար ունակութիւն մըն է: Մեր կողմէ ի գործ դրուած խորամանկութիւն մը կրնայ թերեւս մեր բարիքին ծառայել, սակայն խաբեբայութիւնը ի՛նչ աստիճանի վրայ ալ գործադրուի, անպայման վնասաբեր պիտի ըլլայ:
Երկու պատկերներ պիտի տանք, աւելի յստակ դարձնելու համար մեր մտածումը: Խորամանկութիւնը «ցանկապատ» մըն է, զոր մեր ձեռքերով մեր շուրջը կը քաշենք, արգիլելով օտար մարդոց ներս թափանցելու համարձակ կամ գաղտնի փորձերը: Մինչ խաբեբայութիւնը «թակարդ» մըն է, զոր կը լարեն անպայման մէկը բռնելու նպատակով: Թակարդին բարի տեսակը չկայ, ո՛չ ալ անոր նպատակը բարի կրնայ ըլլալ: Մարդիկ կենդանիներուն համար թակարդ լարելէ աւելի, կը սիրեն իրարու համար թակարդներ լարել խօսքով կամ գործով, որուն հիմը եթէ խաբեբայութեամբ կը դրուի, հետեւանքը միշտ չար ու կործանարար կ՛ըլլայ:
Կրթական հաստատութեան մը պատասխանատուն իր առօրեայ փորձառութենէն պատմելով, ուրախութիւն կը յայտնէր մեր նոր սերունդին խորամանկ կամ խորագէտ դաստիարակութիւն ստանալուն: Ան կ՛ըսէր, թէ ուսուցիչ մը դեռ շատ մատղաշ իր աշակերտներէն մէկը պատժելու համար կ՛ուղարկէ իր գրասենեակը: Իսկ ինք՝ խրատելով դաստիարակելէ ետք, քաղցրեղէն մը կու տայ անոր ու ետ կը ճամբէ դասարան: Միջանցքին մէջ նոյն աշակերտը հանդիպելով իր մէկ ընկերոջ, կը յայտնէ, թէ քաղցրեղէն ստացած է իբրեւ «պատիժ»: Այս անգամ, անոնք միասնաբար կ՛ուղղուին պատասխանատուին գրասենեակը, եւ քիչ առաջ «պատժուող» աշակերտը ներկայացնելով իր ընկերը, կ՛ըսէ թէ այն ալ չարութիւն ըրած է, ուրեմն կ՛առաջարկէ, որ այն ալ «պատժուի» քաղցրեղէն ստանալով…
Ահա թէ ինչպէս ուշիմ ու «խորագէտ» են մեր նոր սերունդի զաւակները, մանկական խորամանկութիւն ցուցաբերելով: Ասիկա ո՛չ թէ մտահոգութիւն, այլ՝ ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի: Մեր հայրերը անցեալին ոչխարի նման քշուեցան, կոտորուեցան, հազար անգամ խաբուեցան, խաբեբայական ծրագիրներէն անտեղեակ մնացին, որովհետեւ խորագէտ չէին: Անոնք իրենց հաւատարմութեան եւ միամտութեան զոհ գացին: Միամտութեան կողքին պէտք է նաեւ խորագիտութիւնը ուսանինք ազգովին, արժանապատիւ շարունակելու համար ապրիլ մեր հաւաքական եւ անհատական կեանքը այս աշխարհին մէջ:
Երեխայանալու պէտք չունինք դարձեալ խորագիտութիւն ուսանելու համար: Կեանքը եւ մեզ շրջապատող մարդիկ պէտք է մեզ դաստիարակեն ամէն օր, որովհետեւ աշխարհը իր անհաւասարակշիռ քաղաքականութեամբ, իսկ մարդիկ իրենց փոքրոգի խաբեբայութեամբ ամէն վայրկեան կրնան «ուսուցում»ներ կատարել մեզի: Խորամանկ կամ խորագէտ եթէ չըլլանք, կեանքի այդ «դասաւանդութիւն»ներէն ո՛չ մէկ բառ կը հասկնանք: Իսկ եթէ սորվինք այս ճիւղը ու մասնագիտանանք անոր մէջ, անպայման պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս խաբեբաները իրենք պիտի բռնուին, իրենց լարած թակարդներուն մէջ, եւ չորս ոտքերով, ճարպիկ ու փորձառու աղուէսներու պէս:
Խորամանկ, խորագէտ՝ այո: Սակայն խաբեբայ՝ ո՛չ: Ահա կեանքէն եկող իմաստութիւնը: