ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քաղցկեղը մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման հիւանդութիւնն է, որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ:
Անկա կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց գոյնի, տարիքի, սեռի, ցեղային եւ ընկերային պատկանելութեան ու տնտեսական իրավիճակի խտրութեան: Քաղցկեղային ուռ մը կը սկսի աննշմար եւ գաղտագողի, առանց որեւէ ազդանշանի: Ընդհանրապէս 5-10 տարիներ ետք անիկա շօշափելի չափի կը հասնի: Քաղցկեղային ուռերուն մեծամասնութիւնը կը սկսի 25-40 տարիքի միջեւ եւ երբեմն շատ աւելի կանուխ եւ նոյնիսկ պզտիկ տարիքի: Տարեցները համեմատաբար աւելի շատ քաղցկեղ կ՛ունենան քան երիտասարդները, որովհետեւ ինչպէս ըսուեցաւ՝ քաղցկեղի բջիջները զարգանալու եւ յայտնուելու համար պէտք ունին երկար տարիներու:
Համաշխարհային բժշկական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն՝ քաղցկեղի պարագաները անցնող 100 տարուան ընթացքին մեծ համեմատութեամբ շատցած են: Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան 1/3ը կը տառապի քաղցկեղէ: 1901ին այս համեմատութիւնը եղած է 1/8000:
Ինչպէ՞ս կը զարգանայ քաղցկեղը:
Մարմինի բջիջներու բազմացումը, աճը եւ զարգացումը տեղի կ՛ունենան բջիջներու կիսուելու գործընթացով մը, որ կը կոչուի հաւասարաբաժանում (mitosis): Այս գործընթացը կը գտնուի յատուկ ծիներու հսկողութեան ներքեւ եւ կ՛ընթանայ յստակ կանոնաւորութեամբ, ուր ամէն մէկ բջիջ կիսուելով կը ստեղծուին երկու նոյնանման նոր բջիջներ, որոնք կ՛ունենան համահաւասար ժառանգական բաղադրիչով (DNA) հարուստ երփնամարմիններ (chromosomes) եւ ծիներ (genes): Երբ այս ծիները այլափոխուին (mutate), բջիջներու բնական եւ կանոնաւոր բազմանալու գործընթացը կը խախտի եւ կը փոխարինուի անբնական բազմանալու գործընթացով մը, եւ կը յառաջանան թերի եւ ախտաւոր բջիջներ, որոնք կը կոչուին քաղցկեղային բջիջներ: Քաղցկեղային բջիջները բազմանալու, աճելու եւ զարգանալու աւելի կարճ ժամանակամիջոց ունին, քան առողջ բջիջ մը: Անոնք կ՛ապրին երկար ժամանակ, կը ծաւալին անկաշկանդ եւ անօրէն, կը բազմանան արագօրէն եւ կը կազմեն քաղցկեղային ուռեր: Ծիներու այլափոխումին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ երփնամարմիններու այլափոխումը, որ տեղի կ՛ունենայ զանազան ձեւերով՝ երփնամարմինի մէկ մասը կ՛անյայտանայ (delete), երփնամարմինը կը տեղափոխուի (translocate) եւ երփնամարմինը կ՛ունենայ իր կրկնապատկերը (duplicate): Այլափոխուած երփնամարմիններն ալ պատճառ կը դառնան կարգ մը քաղցկեղներու զարգացման: Ժառանգական բաղադրիչով հարուստ ծիները եւ երփնամարմինները կ՛այլափոխուին, երբ անոնք ենթակայ ըլլան վնասակար եւ այլափոխութիւն յառաջացնող նիւթերու, որոնք կը կոչուին քաղցկեղածին նիւթեր (carcinogens, cancerogenic substances):
Կարգ մը քաղցկեղաբաններ (cancerologist) կ՛ըսեն, թէ ամէն մարդ իր մարմինին մէջ ունի քաղցկեղի բջիջներ, սակայն անոնք անտեսանելի կը մնան մինչեւ որ անոնց թիւը հասնի երկիլլիոններու: Երբ կ՛ըսուի, որ անհատ մը ազատ է քաղցկեղի բջիջներէ, այդ մէկը կը նշանակէ, որ մասնագէտ ախտաբանը չէ կրցած քաղցկեղի բջիջներ տեսնել իր քննութեան ընթացքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքին ընթացքին կը զարգացնէ իր մէջ քաղցկեղի բջիջներ, սակայն ախտամերժութեան ուժականութիւնը կը քանդէ եւ կը փճացնէ զանոնք ու արգելք կը հանդիսանայ անոնց բազմանալուն եւ ուռի կազմաւորման:
Քաղցկեղներու մեծամասնութիւնը կը կոչուի քաղցկեղային ուռ (carcinoma), որ կը ծագի մարմինի շատ մը օրկաններու մակերեսային բջիջներէն: Մսուռուցք (sarcoma) կոչուած քաղցկեղները հազուագիւտ են եւ անոնք կը ծագին ընդհանրապէս մկաններու, ոսկորներու, կռճիկներու եւ թելաւոր հիւսկէններու մէջ: Սպիտակարիւնութիւնը (leukemia) կը զարգանայ արեան ճերմակ գնդիկներու բջիջներէն, իսկ աւշային ուռը (lymphoma) կը զարգանայ աւշագեղձերու մէջ:
Քաղցկեղային ուռերը ունին երեք յստակ յատկութիւններ՝ բջիջներու անհակակշռուած աճ-բազմացում-զարգացում, մօտակայ հիւսկէններու ներխուժում (invasion) եւ հեռաւոր օրկաններ եւ վայրեր տարածում-տեղաշարժ (metastasis): Քաղցկեղային բջիջները կը տարածուին մօտակայ եւ հեռաւոր վայրեր արեան եւ աւշային անօթերու (lymphatics) միջոցաւ: Կազմաւորուած քաղցկեղային ուռի մը միլիոնաւոր բջիջները շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան մէջ: Սակայն այս բջիջներուն մեծամասնութիւնը կ՛ոչնչանայ, եւ քանի մը հատը միայն արեան անօթներէն դուրս սպրդելով կը ներխուժեն որոշ հիւսկէն մը կամ օրկան մը:
Քաղցկեղաբաններ նկարագրած են քաղցկեղային ուռերը տարբեր-տարբեր դասակարգումներով եւ աստիճանաւորումներով (staging): Անոնց դասակարգումը խիստ կարեւոր է դարմանումի եղանակի որդեգրման եւ ապաքինման տարողութիւնը գիտնալու համար: Այս աստիճանաւորումնէն մէկը նկատի կ՛առնէ քաղցկեղային ուռին չափը, անոր կապակցութիւնը մօտակայ եւ հեռաւոր աւշագեղձերուն հետ եւ անոր տարածումը մարմինի հեռաւոր վայրերը: Ուրիշ մէկ տարբերակով, քաղցկեղի դասակարգումը կը նկարագրուի չորս հանգրուաններով: Առաջին հան-գրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը առաւելագոյնը 2 սմ. է, առանց հեռաւոր տարածումի: Այս հանգրուանին ախտաճանաչուած քաղցկեղը դարմանելի է, դրական արդիւնքով: Երկրորդ հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը 2 սմ. է, աւելի մեծ է եւ հեռաւոր տարածումի նշաններ ունի: Երրորդ հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը ա՛լ աւելի մեծ է եւ տարածուած է հեռաւոր վայրեր: Չորրորդ հանգրուան՝ ուր քաղցկեղային ուռը աւելի ծաւալած է եւ անշարժ է: Այս հանգարուանին ուռը կարելի չէ հատել: Այս չորս հանգրուանային դասակարգումը ի զօրու չէ վատորակ սեւայտուցի (malignant melanoma) պարագային:
Քաղցկեղի յառաջացման հիմնական ախտապատճառը քաղցկեղածին նիւթերն են, որոնք այլազան են եւ կը գտնուին զանազան ձեւերու եւ պայմաններու տակ: Հետեւեալները կարեւոր քաղցկեղածին նիւթեր եւ ազդակներ են.
Ա. Թունաւոր քիմիական նիւթեր.
ա. Formaldehyde, որ անգոյն գրգռիչ թունաւոր կազ մըն է.
բ. Vinyl chloride, որ անգոյն կազ կամ հեղուկ մըն է. անիկա կը գործածուի կերպընկալ նիւթերու (plastics) պատրաստութեան մէջ.
գ. PVC (polyvinyl chloride), որ կը գործածուի որպէս պաշտպանողական նիւթ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու դէմ.
դ. Բորակատ (բորակ) ազոտային թթուի աղ (nitrite), որ քիմիական աղ մըն է եւ կազմուած է բորակական թթուէ (nitric acid, HNO3). անիկա կը գործածուի շատ մը պատրաստ կերակուրներու մէջ.
ե. Paradichlorobenzene, որ կը գտնուի լուացարաններու եւ բաղնիքներու հականեխիչ հեղուկներու մէջ.
զ. Միջատասպան (pesticides) դեղեր.
է. Perchloroethylene, որ կը գտնուի գորգեր մաքրելու քիմիական նիւթերու մէջ.
ը. Ներկերու զանազան տեսակներ.
թ. DDT, որ ուժեղ միջատասպան մըն է.
ժ. Հականեխիչ հեղուկներ.
ժա. Մազի գունաւորման ներկեր.
ժբ. Պատրաստ կերակուրներու մէջ գործածուած յաւելանիւթեր (additives)։
Բ. Մետաղներ՝ զառիկ (arsenic), որ թունաւոր սրճագոյն նիւթ մըն է, կտաւաքար (asbestos), հեղուկ ածխաջրածին (benzene/gasoline), սնդիկ (mercury), կադմիում (cadmium) եւ նիկել (nickel)։
Գ. Շողարձակում (radiation)՝ Ք-ճառագայթ (X-ray), ատոմական եւ հիւլէական ուժանիւթ, արեւու ճառագայթ/անդրմանիշակագոյն ճառագայթ (UVL)։
Դ. Միջավայրային ազդակներ՝ ապականութիւն (pollution) եւ ծխամշուշ (smog).
Ե. Ներծորոյթներ (hormones)։
Զ. Կենցաղային ազդակներ՝ ծխախոտի բոլոր տեսակները եւ ալքոլ։
Վերոյիշեալ նիւթերու կողքին կան հազարաւոր այլ քաղցկեղածին նիւթեր, որոնք կը գտնուին մեր տուներուն մէջ գործածուած շատ մը նիւթերու եւ առարկաներու մէջ, օրինակ՝ լուացքի դեղեր, հականեխիչ հեղուկներ, սննդեղէններ, գորգեր, կահ-կարասի, հակաքրտնաբեր եւ մազի ջրթոցներ (spray), օճառ, մանուկներու հեղուկ օճառ եւ տալկափոշի (talcum powder): Ըմպելի ջուրը կրնայ պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր, եթէ անոր հասնին կոյուղիի ապականած աղտոտութիւնները: Խորովածի պատրաստութեան ընթացքին արտադրուած թունաւոր կազեր եւ նիւթեր կրնան պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր: Կարգ մը մանրէներ (bacteria), ժահրեր (virus), մակաբոյծներ (parasite) եւ որդեր ունին քաղցկեղածին յատկութիւններ: Չափազանց ճարպի գործածութեամբ աւելի հակամէտ կ՛ըլլանք քաղցկեղի զարգացման:
Քաղցկեղի ախտանշանները ընդ-հանարապէս ի յայտ կու գան շատ ուշ: Տեղային քաղցկեղի պարագային բացայայտ ախտանշաններն են՝
- Շօշափելի ուռի մը գոյութիւնը, որ կրնայ ըլլալ՝ շարժուն կամ անշարժ, կակուղ կ՛ամ քարացած, պզտիկ կամ մեծ.
- Խոց (ulcer) եւ արիւնահոսութիւն.
- Ցաւ, որ կը պատահի շատ ուշ եւ մասնաւորապէս ոսկորներու տարածուած քաղցկեղի պարագային:
Տարածուած քաղցկեղի պարագային ախտանշաններն են՝ տեղային քաղցկեղի ախտանշանները առաւել՝ մօտակայ եւ հեռաւոր աւշագեղձերու յայտնաբերում, փայծաղի (spleen) եւ լեարդի ծաւալում ու քաղցկեղային ուռերու յայտնաբերում ուղեղի, թոքերու, որոշ ոսկորներու, ոսկրածուծի, ողնածուծի եւ լեարդի մէջ:
(Վերջը յաջորդիւ)