ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տորթ-մունտի «Պորուսիա»ի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան կը յաւակնի Եւրոպայի լիկայի շաբաթուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչմանը:
ՈՒԵՖԱի պաշտօնական կայքը հրապարակած է 4 ֆութպոլիստներու անուններ, որոնցմէ կայքի այցելուները քուէարկութեան միջոցով պիտի ընտրեն լաւագոյնը: Յաւակնորդներու ցանկին մէջ են «Վալենսիա»ի կիսապաշտպան Սանթի Մինա, «Աթլեթիքա»ի յարձակող Արիս Ատուրիցը եւ «Աուկսպուրկ»ի պաշտպան Ռակնար Քլաւան:
Եւրոպայի լիկայի շաբաթուան լաւագոյն ֆութպոլիստին համար կարելի է քուէարկել հետեւեալ կայքը այցելելով http://uelmvp.uefa.com/Hub: