Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը 2015ին 600 հազար լարի (մօտաւորապէս 250 հազար տոլար) նիւթական օգնութիւն ստացած է Վրաստանի կառավարութենէն:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի՝ յայտնած է Վրաստանի կրօնական հարցերու պետական գործակալութեան ղեկավար Զազա Վաշախմաձէ, որ Փետրուար 15ին տարեկան հաշուետուութիւն ներկայացուցած է կատարուած աշխատանքին մասին:
Ան նշած է, որ 2016ին կրօնական միաւորումներուն պետութեան կողմէ յատկացուած նիւթական օգնութիւնը կազմած է 4 միլիոն 500 հազար լարի (1.8 միլիոն տոլար): Անցեալ տարի ցուցանիշը կազմած է 3 միլիոն 500 հազար լարի (1.4 միլիոն տոլար):
Այդ գումարէն մօտաւորապէս 890 հազար տոլար յատկացուած էր Վրաստանի իսլամական համայնքին, շուրջ 162 հազար տոլար՝ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ համայնքին, աւելի քան 131 հազար տոլար՝ Վրաստանի հրէական համայնքին:
Նշուած գումարները նախատեսուած են հոգեւորականներու աշխատավարձի եւ անոնց կրօնական գործունէութեան, կրօնական շինութիւններու վերականգնման, կրօնական միաւորումներու կենցաղային ծախսերու, մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան համար: