ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Տարէցտարի Գրքի տօնն աւելի ու աւելի շատ մարդկանց է համախմբում գիրք նուիրելու եւ ստանալու գաղափարի շուրջ, տօնը գնալով մեծ ծաւալ է ստանում եւ մտնում մեր իրականութեան մէջ», ըսած է գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան 19 Փետրուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
2008 թուականէն 19 Փետրուարը Հայաստանի մէջ Գիրք նուիրելու օր է։ Հրատարակիչները նկատել կու տան, որ այդ օրը գրախանութները նոյնքան մարդաշատ կ՛ըլլան, որքան ծաղկավաճառները 8 Մարտին եւ 7 Ապրիլին։
«Ուրախալի է, որ հիմա երիտասարդները չեն ամաչում գրքերը ձեռքերին քայլել, կամ նուիրել իրար: Իմ ուսանողական տարիներին եթէ մի քանի գիրք էր լինում ձեռքներիս, դնում էինք տոպրակի մէջ, որովհետեւ «Ռեպլիկ» թոձնելու խնդիր կար», ըսած է Արքմենիկ Նիկողոսեան:
Հակառակ դրական փոփոխութեան, տակաւին մտահոգիչ է այն, որ Հայաստանի մէջ քիչ թիւով գիրք կը վաճառուի. Այդ կարծիքին է «Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան: Ըստ անոր՝ 2015ին հրատարակչութեան գիրքերը վաճառուած են միջինը 40 օրինակով, մինչ ընթերցողներուն կ՛առաջարկուի 700 նմոյշի գիրք:
«Սա նշանակում է, որ մի գիրքը հայաստանցիների 0.0005 տոկոսին է բաժին ընկնում: Ես ուզում եմ, որ այս իրավիճակը փոխուի», նշած է Մարտիրոսեան: Անոր համաձայն՝ հրատարակչութիւնը որոշ քայլերու կը դիմէ, որպէսզի գիրքը վերագտնէ իր արժանի տեղը՝ կազմակերպելով գրողներու, թարգմանիչներու համար մրցումներ, ընթերցանութեան դպրոցական մրցաշարքեր, սակայն համակարգային փոփոխութիւններուն համար պետական հովանաւորչութիւն եւ աջակցութիւն պէտք է:
«Ես յոյսով եմ, որ իշխանութիւնը մի օր կը փոխուի եւ գիտելիքով մարդիկ իշխանութեան գլուխ կը գան», նշած է հրատարակչութեան տնօրէնը:
Հոգեբան Լիլիթ Խաչատրեան, կարեւոր նկատելով անձի մը կազմաւորման մէջ ընթերցանութեան դերը, նշեց, որ անիկա կը զարգացնէ մարդուն մտածողութիւնը, երեւակայութիւնը, ուշադրութիւնը, հնարաւորութիւն կու տայ մարդուն որոշ խնդիրներու հանդիպելու պահուն աւելի արագ եւ դիւրին լուծումներ գտնելու:
«Պէտք է ամէն կերպ խրախուսել ընթերցանութեան մասսայականացումը, քանի որ որքան զարգացած է մարդու երեւակայութիւնը, այնքան արագ է կողմնորոշւում նա կեանքում», յայտնած է հոգեբանը: