Հեռախօսս հնչեց: Միւս ծայրը՝ Սուրիոյ հայութեան օգնութեան հիմնադրամի (SARF) ատենապետ Ճան Թիթիզեանն է։
– Բարե՛ւ, Լենա՛… բարեկամներէս Պետրոս Ղազարեանը մահացաւ: Ննջեցեալի հարազատներուն ցանկութիւնը այն է, որ փոխան ծաղկեպսակի հանգանակուած ինը հազար տոլար գումարը յատկացուի Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Ձեր կազմակերպութեան կը վստահիմ այս պարտականութիւնը:
Պահ մը կարկամեցայ… առաջ ցաւակցութի՞ւն յայտնէի, թէ շնորհակալութիւն՝ այս տխուր բայց միաժամանակ ուրախ լուրը լսելուս համար:
Պատշաճութիւնը կատարելէ ետք հիացմունքը պատեց զիս: Հիացմո՛ւնք՝ ողբացեալի հարազատներուն հոգիի վեհանձնութեան նկատմամբ, վեհանձնութիւն՝ զոր կրնայ վիշտը բարեգործութեամբ ամոքել ու հազարաւոր մղոններ հեռաւորութեան վրայ գտնուելով հանդերձ՝ կարեկցիլ տեղահանուած ազգակիցներուն։
Տօնական օրերու նախաշէմին, սոյն գումարով կեդրոնս հնարաւորութիւն ունեցաւ 400 սուրիահայ ընտանիքներու համար տասը տեսականի պարունակող պարենային զամբիւղներ ապահովել, ինչպէս նաեւ՝ 21 ընտանիքներ կենցաղային անհրաժեշտ պարագաներով օժտել եւ 3 ընտանիքներու բնակարանը Տօնածառով զարդարել:
Հիացմունքիս չափ ալ մեծ էր հոգեկան բաւարարութիւնս՝ լսելով օգտուողներուն աղօթքն ու ամանօրեայ բարեմաղթութիւնները՝ աղղուած ողբացեալի հարազատներուն եւ կազմակերպիչներուն:
Թող կարեկցանքի ջերմութենէն բխող ամէն ցաւակցան խօսք, որպէս անթառամ ծաղկեպսակ զարդարէ հանգուցեալի շիրիմը ու համբերութիւն պարգեւէ անոր հարազատներուն։
Գուցէ եւ օրինակը դառնայ վարակիչ:
ԼԵՆԱ ՀԱԼԱՃԵԱՆ
Սիրիահայերի Հիմնախնդիրները Համակարգող Կենտրոն, Երեւան