Ս. Մ.
Եթէ հարց տաք, թէ մանուկն ու պատանին ինչպէ՞ս կարելի է ներգրաւել ընթերցումի աշխարհէն ներս, մանկավարժ-դաստիարակ Սօնա Տիգրանեան կը պատասխանէ. անոնց հաճելի ու գրաւիչ գիրքեր տրամադրեցէք:
Ս. Տիգրանեան այս պատասխանին շօշափելի մարմին տուած է երեք գունագեղ եւ գրաւիչ գրքոյկներով: «Ծաղկած Այբուբեն», «Երկիր» եւ «Անմոռուկ» խորագրեալ գրքոյկները արգասիքն են տարիներու աշխատանքի եւ լոյս աշխարհ եկան 2015ի տարեփակի օրերուն, Լոս Անճելըսի մէջ, «Վարդգէս Պետրոսեան Մշակութային Ֆոնտ»ին ճամբով, արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն տարբերակներով:
Կողքին ու էջերուն տեսքն իսկ գրաւիչ է, եւ նախամուտը կը կազմէ հաճելի ու դաստիարակիչ բովանդակութեան. չափածոյ եւ արձակ գրութիւններուն կ՛ընկերանան նիւթին համապատասխանող գծանկարներ, յատկապէս պատրաստուած այս շարքին համար: Խորքին մէջ, կարելի էր երեք հատորիկները դիւրութեամբ համախմբել մէկ կողքի տակ, ենթաբաժանումներով, սակայն յայտնապէս այդպէս չէ եղած մանկավարժական նկատումներով, որպէսզի մանուկին ձեռքը չտրուի «հաստափոր» հատոր մը:
«Ծաղկած Այբուբեն» խորագիրը կը մատնէ բովանդակութիւնը: Հեղինակը գողտրիկ ոտանաւորներ հիւսած է մեր ոսկեղնիկին բաղկացուցիչ տառերուն մասին. Այբէն սկսեալ ու յաջորդաբար՝ մեր տառերը կը զրուցեն ընթերցողին հետ, անոր կը պատմեն իրենց գաղտնիքները: Իւրաքանչիւր էջէ կը ճառագայթէ գեղանկարուած տառ մը, որուն կ՛ընկերանան գրութիւնն ու գեղանկարներ: «Երկիր»ն ու «Անմոռուկ»ը եւս կազմուած են չափածոյ եւ արձակ գողտրիկ կտորներով, որոնք երբեմն հեքիաթային են, յաճախ հայրենի աշխարհն ու բնութեան տարրերը, ծառն ու ծաղիկը, պտուղներն ու թռչունները հաղորդակից կը դարձնեն ընթերցողին, անոնց հանդէպ սէր կը ներարկեն հոգիներուն: Ուշագրաւ եւ տիրապետող գիծ մըն է հայրենասիրութիւնը՝ հայրենիքի լերան, լիճին ու բնութեան հանդէպ սիրոյ զգացումը, որ կը բխի հեղինակի հոգիէն ու միտքէն եւ ուժեղ թափով կը հոսի ընթերցողի աչքերէն ու էութենէն ներս, վարակելու համար մանուկն ու պատանին, ինչո՞ւ չէ նաեւ… ծնողները:
Մանկապատանեկան գրականութեան մէջ, ընդհանրապէս, գեղարուեստի երեսը շատ չի փնտռուիր, հիմնական նախապայման չի նկատուիր: Այս պարագային, սակայն, ընթերցողը կը նկատէ, որ բանաստեղծական շունչ մը կայ քիչ մը ամէն տեղ, եւ ահա այդ շունչն է, որ հայրենիքին, բնութեան, կենդականական աշխարհին ու աշխարհի տարբեր բարիքներուն հանդէպ սիրով կը վարակէ ընթերցողը:
Այս մատենաշարի կարեւոր արժանիքներէն մէկն ալ այն է, որ մեր լեզուի երկու հարստութեանց՝ Արեւելահայերէնին ու Արեւմտահայերէնին միջեւ կամուրջ մը կը ստեղծէ, ըսել կ՛ուզենք՝ քանի մը քարով կ՛ամրապնդէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կամուրջը: Սա կը բխի մեր այս երկու գանձերուն նկատմամբ հեղինակին հաւատքէն ու սէրէն. խորքին մէջ, այս շարքը կարելի է գործնական հրաւէր մը նկատել այդ կամուրջին աւելի եւս ընդարձակման:
Մեր մանուկներուն ու պատանիներուն գրադարանները հարստացնող նմանօրինակ հրատարակութիւններ ողջունելի են անկասկած, մինչեւ իսկ եթէ երբեմն հրատարակչական աշխատանքին «պարտադրած» մանր վրիպակներով կը ներկայանան: Ցանկալի է, որ նման շարքեր չմնան անվաղորդայն եւ իրենց բարերար դերը ունենան նոր սերունդին մօտ մայրենիի ամրակայման առաքելութեան ճամբուն: Իսկ այդ դերին ճամբայ բացողներն են ծնողներ եւ ուսուցիչներ: