ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Վերջին 5 տարիներուն ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած են զանգուածային 7 սպանդներ, որոնց հետեւանքով զոհուած է 573 հոգի: Թրքական ընդդիմադիր «Սենտիքա» լրատուական կայքը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, որ հակառակ այս ահաւոր վիճակագրութեան, այս դէպքերէն ոչ մէկը առաջնորդած է ոեւէ պատասխանատու պաշտօնեայի մը պաշտօնազրկութեան: Փոխարէնը՝ ամէն անգամ լրատուամիջոցներու նկատմամբ նոր սահմանափակումներ կիրառուած են:
«5 Տարուան Մէջ 7 Կոտորած, 537 Զոհ, 0 Հրաժարական. Ո՞վ Է Մարդասպանը» հարցադրում-վերնագիրով յօդուածին մէջ, թրքական վերոնշեալ կայքը մանրամասնօրէն անդրադարձած է զանգուածային սպանդի յիշեալ 7 դէպքերուն: Յօդուածին կ՛ընկերանայ Էրտողանի եւ հարկադրաբար լռեցուող մամուլը խորհրդանշող նկարը, որ ըստ էութեան՝ կը մատնանշէ գլխաւոր մեղաւորն ու մարդասպանը: