ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Փետրուար 5ին հաղորդեց, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 4.9 տոկոսի իջած է, ինչ որ ամենացած մակարդակն է վերջին 8 տարիներուն ընթացքին։
Այս ցուցանիշը արձանագրուած է հակառակ այն իրողութեան, որ Յունուար ամսուան ընթացքին ակնկալուածէն նուազ աշխատանքային տեղեր գոյացած են։ Արդարեւ, մինչ տնտեսագէտներ կ՛ակնկալէին 190,000 նոր աշխատանքի առիթներու գոյացումը, իրականութեան մէջ գոյացած է միայն 151,000 առիթ։
Այլ դրական ցուցանիշ մըն է այն իրողութիւնը, որ Յունուար ամսուան ընթացքին միջին ժամականը 12 սենթով աճ արձանագրած է։