ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր կառոյցի ծրագիրը Յունուար 14ին միաձայնութեամբ վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ յանձնաժողովին կողմէ, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը քննէր զայն։
Քննարկումին ընթացքին, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Հերի Գրիգորեան դէմ արտայայտուած եկեղեցին առանց գմբէթի կառուցելու յանձնաժողովի առաջարկին՝ պատճառաբանելով, որ նման քայլ մը խոտոր կը համեմատի հայկական եկեղեցիներու պահանջներուն։
Եկեղեցւոյ ծրագիրին ի նպաստ ելոյթ մը ունեցած է նաեւ «Քորտոպա» ընկերութեան վարիչ-գործընկեր Մարիա Միհրանեան՝ յիշեցնելով, որ ծրագիրը իրականացնելու համար ցարդ կարելի եղած է 1.2 միլիոն տոլար հաւաքել, որովհետեւ անիկա համայնքին համար կարեւոր հաւաքատեղի մը պիտի ըլլայ։
Ծրագիրին վաւերացումը ապահովելու կոչով ելոյթ ունեցած է նաեւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ լուսարձակի տակ առնելով եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը։
Եկեկեցւոյ նոր համալիրին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են Սոլանայի նախկին քաղաքապետ Ճօ Քիլէճեան եւ Սան Տիէկոյի բնակիչ Լիսա Գիրազեան-Գրաճեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
harrykrikorian@msn.com հասցէին եւ (760) 310-0064 թիւին, կամ այցելել
www