ՆՈՐԹՐԻՃ.- Արեւմտեան թեմի Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին 2015-2016 տարեշրջանի ուսուցիչներու վերապատրաստման սեմինարը, որուն մասնակցելու կը հրաւիրուին շրջանէն ներս գործող բոլոր հայկական վարժարաններու ուսուցիչները, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունուար 23ին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, համագործակցութեամբ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին։
Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ հետեւեալ դպրոցներէն ուսուցիչներ՝ «Մերտինեան», «Սահակ Մեսրոպ», «Յովսէփեան», «Քէյեան» եւ Հայ Քոյրերու վարժարան՝ մասնակից ուսուցիչներուն թիւը հասցնելով 400ի։
Այս տարի հրաւիրուած էին նաեւ վարժարաններու հոգաբարձութիւններն ու ծնողաուսուցչական մարմինները։
Բացումը կատարեց Խնամակալ մարմինէն դոկտ. Յասմիկ Պարան, որ ներկաները ողջունելէ ետք հրաւիրեց համագումարի բացման նիստին ներկայ գտնուող առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը՝ ուղղելու իր պատգամը։ Առաջնորդը կանգ առաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «Ծառայութեան Տարի» հռչակող պատգամի բովանդակութեան վրայ՝ շեշտելով, թէ «ծառայութիւնը մեր նմանին նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյն, յարգանքին ու նուիրումին շօշափելի արտայայտութիւնն է», եւ՝ «ծառայելը բարոյական պարտաւորութիւն է, հրամայական անհրաժեշտութիւն է, անսակարկելի պարտք է»։ Ան վեր առաւ ուսուցիչին բանալի դերակատարութիւնը՝ ընդգծելով, որ «ուսուցչութիւնը ազնիւ ասպարէզ մըն է. ինչպէս գիտէք, ուսուցիչը դէմ յանդիման կը գտնուի ազնիւ մարտահրաւէրներու, սակայն անոր առաքելութեան արդիւնաւորումը լաւագոյն պարգեւը կ՛ընծայէ անոր»: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ ուսուցիչը աշակերտին հանդէպ ունի բազմերես ներգործութիւն. ան կը դաստիարակէ միտքը, կը կազմաւորէ հոգին ու սիրտը, կը կերտէ նկարագիրը, թանկարժէք նպաստ եւ քաջալերանք կը տրամադրէ մանուկին ու պատանիին, կ՛ըլլայ անոր առաջնորդը, խորհրդատուն եւ ընկերը: Ան գնահատանքով խօսեցաւ այս նախաձեռնութեան մասին եւ յորդորեց հետեւողական ըլլալ այս աշխատանքին մէջ, որպէսզի ուսուցիչները առիթ ունենան բարելաւելու իրենց արժանիքներն ու շնորհքները, ամբարեն նոր գիտելիք եւ փորձառութիւն: Առաջնորդը նաեւ գնահատեց համագումարին մասնակցող ուսուցիչներն ու դասախօսները, որոնք շաբաթավերջի իրենց արձակուրդի օրը կը նուիրեն այս աշխատանքին:
Խնամակալ մարմինին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհի Լիզա Կապուտեան, որ դրուատեց ուսուցիչներուն նուիրումը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց տրամադրած սպասարկութիւններուն համար: Ան ողջունեց մասնակից բոլոր վարժարանները, անոնց տնօրէններն ու վարիչները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանին, որ Խնամակալ մարմինին հետ գործակցելով՝ կը հիւրընկալէր այս տարուան համագումարը։ Կապուտեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ եւ դրուատեց հայերէն նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն խաղացած կարեւոր դերակատարութիւնը հայապահպանման գործին մէջ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք ա՛լ աւելի կարեւոր դարձած է։
Ապա, ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսը՝ հիւրընկալ համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան, ներկայացուց իր նիւթը՝ «Հայերէնի վերաշխուժացման հրամայականն ու միջոցները»։ Ան շեշտեց, թէ հայերէնի պահպանումը անքակտելիօրէն կապուած է հայկական ինքնութեան պահպանման ջանքերուն, եւ անդրադարձաւ հայկական վարժարաններուն առնչուող հարցերու։ Շէմմասեան յոյժ կարեւոր նկատեց հայերէնը արդիական լեզու մը դարձնելու խնդիրը, որուն շնորհիւ նոր սերունդը դիւրութեամբ պիտի ընկալէ եւ օգտագործէ զայն իր ամէնօրեայ հաղորդակցութեանց մէջ։ Փրոֆ. Շէմմասեան նաեւ կարեւոր համարեց ծնողներու դերակատարութիւնը եւ շեշտեց, թէ ուսումնասիրութիւնները բազմիցս հաստատած են, թէ երկլեզու կրթութիւնը նպաստաւոր է աշակերտի կրթութեան եւ զարգացման։ Ան նաեւ արդի արհեստագիտութիւնը հայեցի դաստիարակութեան ի նպաստ դնելու կարեւորութիւնը մատնանշեց։ Վերջապէս, ան մանրամասնութիւններ փոխանցնեց համալսարանի Հայագիտական եւ ուսուցիչներ պատրաստող ծրագիրներուն համագործակցութեամբ՝ հայերէն նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներ պատրաստելու նոր ծրագիրին մասին, որ կարելի դարձած է Թրբանճեան ընտանիքի կրթական հիմնարկէն (TF Educational Foundation) տրամադրուած առատաձեռն նուիրատուութեան մը շնորհիւ։
Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանի ելոյթի աւարտին, համալսարանի պատասխանատուներէն Սուրէն Սերոբեան եւ խնամակալ մարմինէն դոկտ. Հուրի Արսլանեան-Քէօրօղլեան ներկայացուցին սեմինարի օրակարգը եւ զանազան այլ աշխատանիստեր։
Ինը տարբեր նիւթերով դաստիարակչական ու մանկավարժարական հարցերու մասին աշխատանիստեր իրականացուեցան՝ առաջնորդութեամբ մասնագէտներու եւ դասախօսներու։
Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպած սոյն սեմինարները շատ լաւ առիթներ են ուսուցիչներուն, իրենց փորձառութիւնները իրարու հետ կիսելու համար։