ՊԵԼՄՈՆԹ, Մեսեչուսեց.- Շաբաթ, Յունուար 16ին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը վայելքը ունեցաւ յատուկ հաւաքոյթի մը՝ Պերճ եւ Անի Չէքիճեաններու Պելմոնթի բնակարանին մէջ: Ներկայ գտնուող աւելի քան 50 հիւրերը ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ առիթը ունեցան լսելու եւ տեսահոլովակով դիտելու Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի եւ Համայնքային կեդրոնին մէջ եւ անոր միջոցով տեղի ունեցող վերջին գործունէութիւններուն մասին: Զաւէն Խանճեան՝ ԱՀԱԸի գործադիր տնօրէնը, ողջունեց ներկաները եւ խօսելով Աւետիսեան դպրոցին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին, այդ ծիրին մէջ անդրադարձաւ պատմականօրէն ընկերակցութեան կրթական ծրագիրներուն տուած առաջնահերթ կարեւորութեան, որպէս անոր հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Դպրոցի բարերար Եդուարդ Աւետիսեան եւ Armenia Tree Project (ATP) ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ճինմարի Բաբելեան կարեւորեցին Աւետիսեան դպրոցին մատուցած ոչ միայն բարձրորակ ուսումնական նպաստը իր ուսանողութեան, այլ նաեւ անկէ անդին հայրենիքին մատուցած անոր ծառայութեան: Կեդրոնը իր արտադպրոցական եւ համայնքային շատ մը ծրագիրներով մեծապէս կը նպաստէ Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանի բնակչութեան, եւ մշակելով նման ծրագիրներ՝ կը համագործակցի շատ մը կազակերպութիւններու հետ, որոնցմէ մէկն է ATP կազմակերպութիւնը:
Աւետիսեան դպրոցը հիմնուած է 1999ին, որպէս անվճար մանկապարտէզ: 2014ի վերամուտին դպրոցը իր դռները բացաւ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցին եւ Համայնքային կեդրոնի նորակառոյց համալիրին՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱՀԱԸի առաջնորդներուն: Աւետիսեան դպրոցը կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ ամբողջ Կովկասեան շրջանի «Առաջնորդ ուժանիւթի եւ բնապահպանական ուրուագծումի մէջ» (Leadership in Energy and Environmental Design, LEED) առաջին կառոյցը: Համալիրը իր մէջ կ՛ընդգրկէ Գրիգոր եւ Պիաթրիս Պիլէզիքեան նախակրթարանի շէնքը, մանկապարտէզի շէնքը, միջնակարգ եւ բարձրագոյն բաժիններու շէնքերը, մարզական համալիրը՝ իր ֆութպոլի դաշտով, ինչպէս նաեւ Համայնքային կեդրոնը:
ԱՀԱԸի այս հաւաքոյթին նպատակն էր կարեւորել եւ վեր առնել Աւետիսեան դպրոցի տնօրէնութեան, անձնակազմի եւ ուսանողութեան նուիրական ոգին դպրոցի համալիրէն ներս: ԱՀԱԸը մեծապէս երախտապարտ է Չէքիճեան ընտանիքին, որ մեծ սիրով իր տունն ու սիրտը բացաւ հիւրընկալելու այս հաւաքոյթը՝ ի նպաստ Աւետիսեան դպրոցին:
Բազմաթիւ միջոցներով կարելի է աջակցիլ Աւետիսեան դպրոցին եւ ստեղծել մնայուն կարելիութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն հայ ուսանողներուն գալիք տարիներու ընթացքին:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸի կայքը՝ www.amaa.org կամ հեռաձայնել ԱՀԱԸի կեդրոնատեպին՝ 201.265.2607 թիւով:
(Թղթակցութիւնը
Ընկերակցութենէն)