Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Այսօր, 26 Յունուար 2016, մեր թերթի՝ «Մարմարա»ի, խմբագրապետ Ռ. Հատտեճեանի ծննդեան 90ամեակն է: Այս երջանիկ առիթով Հայաստանի սփիւռքի նախարար ազնուափայլ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանէն ստացանք շնորհաւորական թանկագին նամակ մը… Նշենք, որ այս տարեդարձը լայն արձագանգ գտած է Հայաստանի մէջ, ուրկէ ստացանք եւ կը շարունակենք ստանալ շնորհաւորական նամակներ, ուսումնասիրական յօդուածներ: Սփիւռքահայ շրջանակներէ ալ հեռաձայնով կը ստանանք շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ: «Մարմարա»ի ամբողջ անձնակազմը, թերթիս քաղաքի ու արտասահմանի բոլոր աշխատակիցները սրտագին զգացումներով կը շնորհաւորեն իրենց սիրելի խմբագրապետը եւ արեւշատ օրեր կը մաղթեն իրեն»: