
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Յունուար 29 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կ՛իմանանք, որ 2015-2016 կրթական տարեշրջանին ընթացքին, ՀԲԸՄը մէկ միլիոն տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է մօտաւորապէս 30 երկիրներու մէջ համալսարանական ուսումը շարունակող հայորդիներու՝ շարունակելով մօտաւորապէս մէկ դար առաջ սկսած հայ ուսանողներու օժանդակելու իր աւանդութիւնը։
ՀԲԸՄը տարբեր ծրագիրներու ընդմէջէն օժանդակութեան ձեռք երկարած է տասնեակ հազարաւոր հայ ուսանողներու։
Այս տարեշրջանին, յատուկ ուշադրութիւն դարձուած էր գիտութեան, ճարտարագիտութեան, ճարտարապետութեան եւ ուսողութեան մարզերուն մէջ մասնագիտացող երիտասարդուհիներու կրթանպաստ տրամադրելու ջանքին։
ՀԲԸՄ սկսած է ընդունելու 2016-2017 կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումները։
Հետաքրքրուողները կրնան այցելել www.agbu-scholarship.org կայքը։
Those who are interested can visit the Melkonian Educational Institute in Cyprus and see what the largest donation in AGBU’s history looks like. The pillar of Western Armenian Educational institute is abandoned, neglected in total shambles and no one gives a damn, especially AGBU.