ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան կազմակերպած հանրային առաջին երեք հաւաքները տեղի ունեցան Կլենտէյլի մէջ, մեծ թիւով քաղաքացիներու մասնակցութեամբ։
Հաւաքները, որոնց նպատակն էր հանրութեան փոխանցել ծրագիրի կառուցման տեսլականն ու զայն իրականացնելու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ, առիթ ընծայեցին հանրութենէն կարծիքներ եւ առաջարկներ ստանալու։
«Կը փափաքինք դրական յարաբերութիւններ հաստատել թանգարանին համար առաջադրուած վայրի դրացիներուն հետ՝ լուսարձակի տակ առնելով կրթական այն փորձառութիւնները, որոնք կարելի պիտի դառնան՝ թանգարանին, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճին ու «Սիվիք Օտիթորիում»ին հետ համագործակցութեան շնորհիւ։ Հակառակ անոր, որ թանգարանի վայրին շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան, խորհրդակցութիւններու մասնակցողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զօրավիգ կը կանգնի նման թանգարան մը Կլենտէյլի մէջ կառուցելու գաղափարին», կը յայտնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։
Առաջարկուած է թանգարանը կառուցել Վըրտուկօ եւ Մաունթըն պողոտաներու խաչմերուկին, «Սիվիք Օտիթորիում»ին կից եւ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճին դիմաց գտնուող տարածքին վրայ։ Կարգ մը քաղաքացիներ կ՛ընդդիմանան ներկայիս իբրեւ ինքնաշարժներու կանգառ գործածուող այդ տարածքին վրայ որեւէ շինութեան մը գաղափարին, իսկ ուրիշներ կը փափաքին, որ թանգարանը կառուցուի Կլենտէյլի քաղաքամէջը, կ՛աւելցնէ Կարապետեան։
Թանգարանի տարածքը օգտագործելու համար, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հետ գոյացուած համաձայնութիւնը կը պահանջէ Կենսոլորտային որակի նախնական ուսումնասիրութեան մը իրականացումը, արժեւորելու համար ինքնաշարժներու խճողումին, աղմուկին, օդի որակին, հանրային սպասարկութեանց եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ ծրագիրին ունենալիք հետեւանքները։
«Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութիւնը արդէն իսկ այս պայմանին իրականացումը ապահովելու համար դիմած է գործնական քայլերու, որոնց արդիւնքները պիտի փոխանցուին հանրութեան», կը յայտնէ ծրագիրի համայնքային յարաբերութիւններու վարիչ Տիգրանա Զաքարեան, որ նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ համայնքային այլ հանդիպումներ ծրագրելու աշխատանքները պիտի շարունակուին։
Այն քաղաքացիները կամ կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին նման հաւաքներ հիւրընկալել, կրնան դիմել (844) 586-4626 թիւին կամ
info@ArmenianAmericanMuseum.org հասցէին, իսկ ապագայի հանրային հաւաքներուն մասին տեղեկութեանց