«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» լրատուական կայքէջին վրայ տեղադրուած է համազգային չափանիշներով լուրջ հարցի մը վերաբերեալ տեղեկատուութիւն մը՝ «Կը ձեւաւորուի համահայկական խորհուրդ» վերնագիրով:
Այս տեղեկատուութենէն կ՛իմանանք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին 6րդ նիստին ընթացքին (գումարուած Սեպտեմբեր 26, 2015ին), որոշում ընդունուած է Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին:
«Համահայկական խորհուրդը պէտք է ըլլայ ինքնակազմակերպուած, ինքնակառավարուող խորհրդակցական մարմին, որուն ձեւաւորման համար կը նախատեսուի մշակել ուղղորդիչ հայեցակարգային մօտեցումներ», գրուած է տեղեկագրութեան մէջ:
Խորհուրդի առաջին նիստը պիտի կայանայ 2016ի Սեպտեմբեր 20ին, Երեւանի մէջ: Այդ նպատակով պէտք է ձեւաւորուի նաեւ կազմակերպչական յանձնախումբ:
Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման կազմակերպչական յանձնախումբի ղեկավարը պիտի ըլլայ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը, քարտուղարը՝ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար եւ 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Վիգէն Սարգսեանը:
Յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներկայացուցիչներ:
Անցեալ Սեպտեմբերի նիստին ընթացքին արդէն իսկ առնուած են որոշումներ, որոնց համաձայն՝
– Խորհուրդի կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին ՀՀ, ԼՂՀ եւ Սփիւռքի առանցքային կառոյցներու, պետական կառավարման կարեւորագոյն մարմիններու, հոգեւոր հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ու քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի կազմը, այդ առումով, պէտք չէ կաշկանդէ ձեւաւորուող Խորհուրդի կազմն ու կառուցուածքը.
– Խորհուրդը կրնայ ունենալ տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր.
– Խորհուրդի նիստերը պէտք է գումարուին առնուազն տարին մէկ անգամ, ՀՀ մայրաքաղաքին մէջ.
– Խորհուրդը պէտք է ունենայ նիստերու միասնական մշտական օրակարգ, որուն առանցքին պէտք է ինկած ըլլան՝
ա) Աշխարհի հայերու վիճակին մասին ամէնամեայ համապարփակ զեկոյցի քննարկումը,
բ) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անոր հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրներու քննարկումը,
գ) Համահայկական բնոյթի ձեռնարկներու համադրումը:
Ընդունուած որոշումով, կազմակերպչական յանձնախումբին յանձնարարուած է մշակել եւ մինչեւ 2016ի Ապրիլ 15 յանձնաժողովի անդամներուն ու տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն առաքել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման, հիմնադիր կազմին եւ կառուցուածքին մասին որոշման նախագիծը, նաեւ՝ պետական յանձնաժողովի անդամներու մասնակցութեամբ կազմակերպել խորհրդատուութիւններ Խորհուրդի հայեցակարգին, կառուցուածքին եւ գործունէութեան կարգին շուրջ, նախապատրաստել Խորհուրդի առաջին նիստը եւ մինչեւ 2016ի Յուլիս 15՝ իրազեկել յանձնաժողովի անդամները առաջին նիստի իրականացման վայրին ու ժամանակացոյցին մասին:
Որոշումով նաեւ, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին յանձնարարուած է ՀՀ արտաքին գործոց, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն եւ անոնց համակարգերուն մէջ գործող մարմիններուն ու կառոյցներուն հետ գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներգրաւուած սփիւռքեան կառոյցներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու միջոցով՝ կազմել «Հայերուն վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցը: Սփիւռքի նախարարին յանձնարարուած է նաեւ մինչեւ 2016ի Մայիս 1, զեկոյցի նախագիծը ներկայացնել պետական յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն՝ զայն քննարկելու եւ կառուցողական դիտարկումներ ներկայացնելու համար: Համահայկական խորհուրդին հետ գործակցութեան ընթացակարգեր մշակելու նպատակով, կը նախատեսուի նաեւ խորհրդատուութիւններ իրականացնել տարածաշրջանային յանձնախումբերու հետ:
Պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ներկայացուած փաստաթուղթը ուրուագծային է եւ բաց է նոր առաջարկներու համար:
Առաջարկներ կրնան ներկայացնել այս խնդիրով մտահոգուած համապատասխան կառոյցները, մասնագէտներն ու մտաւորականները:
Այս համահայկական նշանակութեան նախագիծը ժամանակի հրամայականէն կը բխի եւ իսկապէ՛ս ողջունելի է: «Ասպարէզ» նախանձախնդիր է այս հարցին մասին լուրջ քննարկում կազմակերպելու եւ առաջարկներ մշակելու իր բաժին աշխատանքը կատարելու: Մենք մեր էջերը լայն կը բանանք այս օրակարգի քննարկման, եւ կ՛առաջարկենք շրջանիս բոլոր ազգային կառոյցներուն՝ մասնակցիլ, նախաձեռնել եւ ձեռնարկել առանձին կամ միացեալ՝ նախընտրաբար հրապարակային քննարկումներ՝ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման օրակարգով: