ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Պըրպենք քաղաքը Յունուար 11ին սկսած է ընդունելու բնակարանային օժանդակութեան՝ «Section 8»ի, սպասման ցանկին վրայ արձանագրուիլ փափաքողներու դիմումնագիրները ու պիտի շարունակէ զանոնք ընդունիլ մինչեւ Փետրուար 8։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Ընկերային ծառայութեան բաժինի Կլենտէյլի կեդրոնը ընտրուած է դիմումագիրներու բաշխման կեդրոններէն մէկը, ուրկէ կարելի է ստանալ դիմումնագիրներէն եւ անոնց բացատրականներէն օրինակներ։
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան Կլենտէյլի գլխաւոր գրասենեակին հասցէն է՝ 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202։
Նշենք, որ «Section 8» ծրագիրը պատրաստուած է օժանդակութիւն տրամադրելու համար ցած եկամուտ ունեցող եւ վարձու բնակարաններու մէջ ապրող քաղաքացիներուն։
Դիմումնագիրներ կարելի է ստանալ նաեւ Պըրպենք գտնուող 11 այլ կեդրոններէ, որոնք են՝ «Ճոսլին» տարեցներու կեդրոնը (1301 W. Olive Ave.), «Օլիվ» ժամանցի կեդրոնը (1111 W. Olive Ave.), «Վըրտուկօ» զբօսայգին (3201 W. Verdugo Ave.), «ՄըքՔէյմպրիճ» զբօսայգին (1515 N. Glenoaks Blvd.), «Օվրոմ» համայնքային կեդրոնը (601 S. San Fernando Blvd.), Հանրային կեդրոնական գրադարանը (110 N. Glenoaks Blvd.), Հանրային գրադարանի «Պուէնա Վիսթա» մասնաճիւղը (300 N. Buena Vista St.), Հանրային գրադարանի հիւսիսարեւմտեան մասնաճիւղը (3323 W. Victory Blvd.), Պըրպենքի ժամանակաւոր օժանդակութեան կեդրոնը (1304 W. Burbank Blvd.), Ընտանեկան սպասարկութեանց հաստատութիւնը (2721 W. Burbank Blvd.) եւ «Սելվէյշըն Արմի» (300 E. Angeleno Ave.)։
Ամբողջացուած դիմումնագիրները պէտք է ուղարկուին մինչեւ Փետրուար 8, հետեւալ հասցէին՝
Burbank Housing Authority, P.O. Box 11539, Burbank, CA 91510։
Դիմումնագիրները կարելի է ամբողջացնել նաեւ՝ այցելելով www.burbankca.gov կայքը։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Պըրպենք քաղաքի տեղեկատուական ծառայութիւն՝ (818) 238-5163 թիւով, կամ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գլխաւոր գրասենեակ՝ (818) 241-7533 թիւով։