ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Առաւօտ», «Նիուզ».– «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով ԵԵԽՎ ձմեռնային նստաշրջանին երկու հակահայկական բանաձեւերու սպասուող քն-նարկման, ըսած է, թէ առաջին անգամ չէ, որ ԵԽԽՎն հակահայկական ու միակողմանի բանաձեւեր կը քննարկէ, հակառակ հայկական կողմի բողոքներուն:
Ըստ անոր՝ հայկական կողմը իր կարելին կ՛ընէ, շատ կարեւոր է նաեւ հասարակութեան աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը:
«Յայտնի է, որ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբը սկսել է ստորագրահաւաք: Հայաստանից էլ այդ ստորագրահաւաքին մասնակցութիւնն օգտակար կը լինի: Նախաձեռնողները 1500 ստորագրութիւն էին ակնկալում, բայց այդ շեմն անցել են, հիմա թիրախ են սահմանել 2500ը, դա էլ շուտով կ՛անցնի, եթէ Հայաստանից էլ մասնակցեն», յայտնած է ան՝ ընդգծելով, որ ստորագրահաւաքը վեհաժողովի պատգամաւորներուն վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց է: Ըստ անոր՝ ոեւէ մարդ change.org կայքին միջոցով կրնայ մասնակցել ստորագրահաւաքին:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ դժուար չէ ենթադրել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան քննարկումներուն արդիւնքները, բայց կը կարծեմ, թէ ամէն պարագայի մինչեւ վերջին ժամ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տարուի:
«Այստեղ շատ կարեւոր է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրների դերակատարութիւնը. իրենք պէտք է ակտիւ լինեն: Նախ եւ առաջ նման բանաձեւերը հարուածում են իրենց միջնորդած բանակցութիւնների գործընթացին: Ադրբեջանի բուն նպատակն այն է, որ բանակցութիւնների հարթակը փոխի», ըսած է Կ. Մանոյեան:
Անոր համաձայն՝ հայկական պատուիրակութիւնը կրնայ աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ, եթէ ԵԽԽՎի մէջ մեծ թիւով երեսփոխաններու հետ աշխատի: Ամէն պարագայի, Կիրօ Մանոյեան բանաձեւերու ընդունումը աշխարհին վերջը չի նկատեր։ Ան նշած է, որ Ատրպէյճան քարոզչական նկատառումներու կրնայ օգտագործել այդ հակահայ որոշումները:
«Բայց ինչքան էլ ասենք կարեւոր չէ ԵԽԽՎի նման որոշումը, եթէ հայանպաստ որոշում լինէր՝ կը բարձրաձայնէինք, որ շատ կարեւոր է: Ուղղակի այս որոշումը ղարաբաղեան հարցի վրայ դրական ազդեցութիւն չի կարող ունենալ, սակայն բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, ինչը կը խրախուսի Ադրբեջանին՝ շարունակելու իր կամայական կեցուածքը բանակցութիւնների ընթացքում, Հայաստան-Ադրբեջան սահմանին, Արցախ-Ադրբեջան շփման գծում: Ադրբեջանը դժգոհ է բանակցային գործընթացից, ուզում է հարցը տեղափոխել բանակցային սեղանից այլ հարթակներ, տուեալ դէպքում՝ ԵԽԽՎ: Անհրաժեշտ է, որ միջազգային համայնքը, եթէ յարգում է իրեն, թոյլ չտայ, որ ծախու ապրանք դառնայ Ադրբեջանի ձեռքին», ըսած է ան եւ յոյս յայտնած, որ Մինսկի խումբի համանախագահող պետութիւնները աւելի աշխոյժ ըլլան եւ իրենց տեսակէտը լսելի կը դարձնեն թեր քուէարկած պատգամաւորներուն՝ նշելով, որ քայլը պիտի վնասէ բանակցային գործընթացին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Կիրօ Մանոյեան արդեօք կը կիսէ Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմադիրներուն այն տեսակէտը, որ ԵԽԽՎի այդ բանաձեւերը կրնային չըլլալ, եթէ հայկական պատուիրակութիւնը լաւ աշխատէր՝ ըսած է. «Այդքան էլ հեշտ չի զեկուցողին փոխելը, որովհետեւ այնտեղ կայ Թուրքիայի պատուիրակութիւնը, որը բաւականին մեծ թիւ է ներկայացնում, էլ չեմ խօսում Ադրբեջանի մասին, մի շարք պետութիւնների պատգամաւորներ, որոնք կարելի է աչքը փակ ասել, որ իրենց հետ են լինելու: Ոմանք կարող է սկզբունքային հարց ունենան, որոշ պետութիւններ, որոնք նման խնդիրներ ունեն, կարող է նաեւ այլ կեցուածք ունենան, բայց ակնյայտ է, որ կարեւոր թուով պատգամաւորներ Ադրբեջանը կարողանում է առնել: Եւ միայն աշխատանքով հնարաւոր չէ նրանց կողմնորոշել, յատկապէս, երբ նման անսկզբունքային մօտեցումներ են դրսեւորւում: Իրենք գումարով են առել, մենք պիտի փորձենք այլ քաղաքական նորմալ միջոցներով ճնշել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երբ նման հակահայկական բանաձեւեր ընդունուին, անընդհատ կը խօսուի այն մասին, որ պատուիրակութիւններուն կազմը պէտք է փոխել, որովհետեւ կ՛ըլլան պատահական մարդիկ, որոնք «տարւում են խանութներից առեւտուր անելով եւ չեն կենտրոնանում խնդրի վրայ»՝ Կ. Մանոյեան ըսած է. «Պատուիրակութեան բոլոր անդամների մասին համաձայն չեմ, դա չի վերաբերւում: Կուսակցութիւնները, ովքեր ներկայացուցիչ են նշանակում, պէտք է իրենք պատասխանատու լինեն: Մենք մեր մասով շատ հանգիստ ենք, որ մեր ներկայացուցիչը լիիրաւ արդարացնում է իր ներկայութիւնն այնտեղ: Խօսքը Արմէն Ռուստամեանի մասին է»:
Կիրօ Մանոյեան նաեւ անդրադարձած է տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ երեւոյթին, որդեգրած են այն սկզբունքը, որ ամէն ինչ պիտի ընեն իրենց ծրագրածը յառաջ տանելու, հակառակ պարագային երկիրը պիտի տանին պատերազմի, ինչպէս հիմա կան քաղաքացիական կռիւները։
«Հաշուի առնելով, թէ Թուրքիայի ներսում ինչ է կատարւում, իշխանութիւններն ինչ ուղղութիւններով են աշխատում, կարող ենք ասել, որ Թուրքիայի համար բաւական ոչ կայուն զարգացումներ են սպասւում առաջիկայ ամիսներին, նոյնիսկ տարիներին», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ Հայաստան սփիւռքը միջազգային հարթակներուն վրայ Հայ Դատը յառաջ տանելու առումով յաջողութիւններ արձանագրէ՝ հաշուի առնելով այն, որ Թուրքիան ներքին խնդիրներով ու ահաբեկչական հարցերով տարուած է եւ կարծէք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին ուղղութեամբ իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը մարած է: Կ. Մանոյեան դիտել տուած է, որ ճիշդ չէ ըսել, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը մարած է: «Դա այնքան էլ միանշանակ չէ… Այո՛, Թուրքիան զբաղուած է ներքին հարցերով, բայց մենք տեսանք, թէ Թուրքիան ԵՄի համար մեծ կարեւորութիւն ստացաւ Սիրիայից փախստականների հարցերի հետ կապուած եւ ինչպէս Գերմանիայի խորհրդարանը յետաձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումը: Պարզ էր, որ դա արուեց Թուրքիային չնեղացնելու համար», աւելցուցած է Կիրօ Մանոյեան։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ Մանոյեան նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակը վտանգաւոր է, բայց յաճախ նոր կը ստեղծուին նոր կարելիութիւններ, որոնցմէ կարելի է օգտուիլ՝ նկատի առնելով այն, թէ ինչ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստան:
«Եթէ շատ սրուեն յարաբերութիւնները Ռուսաստան-Թուրքիա հասնելու մինչեւ պատերազմական վիճակի, կարծում եմ, մեզ համար ոչ մի լաւ բան էլ չի լինի: Բայց ինչ-որ չափով սրումը որոշ հնարաւորութիւն է տալիս, որ ակտիւներ ձեռք բերենք:
Տարածաշրջանային զարգացումներում Թուրքիան՝ որպէս տարածաշրջանային դերակատար, բաւական շատ վարկաբեկւում է իր պահուածքով, եւ մենք կարող ենք նաեւ այլ պետութիւնների հետ այս ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանք տանել», նշած է ան:
Կ. Մանոյեան նաեւ կարեւոր նկատած է Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Ըստ անոր՝ ատիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի վրայ, որովհետեւ Հայաստան արդէն թէ՛ Իրանի, եւ թէ Արեւմուտքի հետ ունի սերտ յարաբերութիւններ եւ կրնայ այս առիթէն օգտուելով որոշ տնտեսական գործընթացներու մէջ դերակատարութիւն ունենալ: