ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան կազմակերպած հանրային հաւաքներու շարքին յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 17ին, կ.ե. ժամը 2-4, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ (1510 East Mountain Street, Glendale, CA 91207)։
Հաւաքներուն ընթացքին պիտի քննարկուի թանգարանի կառուցման ծրագիրը եւ անոր մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին հանրութեան։
Յունուար 10ի քննարկումին ներկայ եղած էր մօտաւորապէս 90 հոգի, որոնցմէ գրեթէ բոլորը թանգարանի գաղափարին համաձայն գտնուած են, սկայն անոր վայրին շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուած են։
Թանգարանի ծրագիրի համայնքային յարաբերութիւններու վարիչ Տիգրանա Զաքարեան կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ Յունուար 17ի հաւաքին մասնակցի, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար թանգարանի ծրագիրին։
Կլենտէյլի «Սիվիք Օտիթորիում»ին կից եւ Հանրային քոլեճին դիմաց՝ Վըրտուկօ եւ Մաունթըն պողոտաներու խաչմերուկին գտնուող տարածքին վրայ կառուցուելիք այս թանգարանին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել հանդուրժողութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ ամերիկահայութեան փորձառութեան ընդմէջէն:
Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական ինը կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:
Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետներն են առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
ArmenianAmericanMuseum.org կայքը, կամ դիմել (844) 586-4626 թիւին։ Թանգարանը նաեւ հասանելի է «Ֆէյսպուք»ով եւ «Թուիթըր»ով։