ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ 2015ի Յունուարէն Նոյեմբեր տարբեր տեսակի հանրային փոխադրամիջոցներու ուղեւորներուն թիւը նուազած է 7.4 տոկոսով:
Կ՛ենթադրուի, որ այս նուազումին պատճառը անձնական ինքնաշարժներու թիւին յաւելումն է։
Յիշեցնենք, որ 2014ին անհատական ինքնաշարժներու ներածումը հասած էր մրցանշային մակարդակի: Սակայն, 2015ին այդ ցուցանիղը զգալիօրէն նուազած էր:
Ընդհանուր առմամբ, վերջին 15 տարիներուն անձնական ինքնաշարժներուն թիւը աւելցած է մօտաւորապէս 250,000ով: Այս ծիրին մէջ, աճած է նաեւ բնակչութեան շարժունակութիւնը: Բայց համարժէք չափով նուազած է նաեւ թէ՛ ներքաղաքային, թէ՛ միջազգային հանրային փոխադրամիջոցներու ուղեւորներուն թիւը:
18.8 տոկոսով նուազած է թաքսիներով փոխադրուողներուն թիւը: Այս պարագային բացառուած չէ նաեւ հասարակութեան որոշ շերտի նիւթական դժուար պայմանները, մանաւանդ որ 2015ին մեծապէս նուազած են բազմաթիւ ընտանիքներու եկամուտի աղբիւրներէն մէկը՝ արտերկիրէն գումարային փոխանցումները:
Սակայն մեծագոյն անկումը՝ 7.5 տոկոս, նկատելի է մարդատար փոխադրութեան մարզին մէջ (բացի՝ թաքսիներէն): Ըստ տուեալներուն՝ ուղեւորներու փոխադրութեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու (մանաւանդ երեւանեան) գործերը նահանջած են: Թէեւ կարելի չէ անտեսել նաեւ այս ոլորտին մէջ «ստուերի» աճի հաւանականութիւնը:
Օդային ուղեւորներու փոխադրութեան պատկերը եւս նահանջ կը ներկայացնէ:
Այս միջոցով ճամբորդողներուն քանակը Նոյեմբեր- Դեկտեմբերին նուազած է գրեթէ 8.8 տոկոսով: