ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուող տարբեր ծրագիրներու կարգին յատուկ մանուկներուն համար կազմակերպուած է համերգային ուրախ ծրագիր՝ «Քե՛զ, փոքրիկ» խորագիրով։ Անոր ընթացքին մանկական համոյթներ ելոյթ կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ մանուկներ հանդէս կու գան տարբեր մշակութային նախաձեռնութիւններով։
Համախմբուած երեխաները ողջունած են սիրուած շարժանկարներու ու հեքիաթներու յայտնի հերոսներն ու ծաղրածուները: Առաջին անգամն ըլլալով Երեւանի մէջ իր կախարդութիւնները ցուցադրած է Վրաստանէն ժամանած յատուկ հիւրը՝ հրաշագործութիւններու օսկարի դափնեկիր, մոգութեան արքայ, աճպարար Կիա Փարատաշվիլին: Հանդիսատես երեխաները իրենց ծնողներուն հետ անմիջական մասնակից դարձած են տօնախմբութեան:
Նշենք, որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տօնական նախաձեռնութիւններ նախատեսուած են նաեւ 6 Յունուարին՝ Սուրբ ծննդեան տօնին առիթով եւ 13 Յունուարին՝ ամանորեայ տօնական միջոցառումներու եզրափակիչ համերգ: