ՊԸՐՊԵՆՔ.- Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը տօնախմբելու համար, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի փոքրիկ կնքահայրերու յանձնախումբը հրաւիրած էր Մայր տաճարի փոքրիկ կնքահայրերը իրենց ծնողներով՝ մաս կազմելու համար Կիրակի, Դեկտեմբեր 6ին, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որուն նպատակն էր նաեւ փոքրիկները վարժեցնել եւ մօտեցնել Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին:
Արարողութեանց կը հանդիսապետէր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ Դեկտեմբեր ամիսը նուիրուած էր փոքրիկներու եւ երիտասարդութեան: Պատարագիչն էր ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան:
Պատարագին ընթացքին, սրբազանը փոքրիկները հրաւիրեց տաճարին դասը, ուր անոնք արժանացան իր օրհնութիւններուն: Փոքրիկներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազանը ըսաւ. «Դուք ժառանգորդներն էք ձեր նախահայրերու քրիստոնէական հաւատքին: Մենք կը ցնծանք ձեր ներկայութեամբ, որովհետեւ այդ ցոյց կու տայ ձեր սէրն ու նուիրումը հանդէպ քրիստոնէական սրբազան արժէքներուն, զորս մենք, բոլորս կը պահպանենք մեծ յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ»:
Մայր տաճարի փոքրիկ նոր կնքահայրերն են՝ Ալեքսանտր Էնթընի Ասմար, Ալեքսա Ճէյն Ասմար, Կրեկըրի Ճոնաթան Նան, Ատելինա Չլտըրեան, Ալեք Յարթիւն Տեմիր, Տիգրան Մուսոյեան, Տէյվիտ Մուսոյեան, Նիքոլ Մուսոյեան, Մարթա Մերի Սարգսեան եւ Մանէ Վարդ Մարգարեան: Սրբազանը օրհնեց զիրենք եւ իրենց սիրելի ծնողները:
Պատարագին ընթացքին սրբազանը ներկայացուց Լոս Անճելըսի Փոքրիկներու հիւանդանոցի ակնաբուժներէն տոքթ. Թոմաս Լին եւ անդրադարձաւ, որ ան բազմիցս Հայաստան այցելելով լոյս պարգեւած է երեխաներու:
Արարողութեան աւարտին, փոքրիկ կնքահայրերը իրենց ծնողներուն հետ միասին հրաւիրուեցան առաջնորդին գրասենեակը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Սրբազանը իր յատուկ շնորհակալութիւններն ու գնահատութիւնը յայտնեց փոքրիկ կնքահայրերու յանձնախումբի չափազանց օգտակար ծառայութեան համար՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ալիս Չաքըրեանի: Սրբազան հայրը փոքրիկ խաչեր բաժնեց փոքրիկներուն՝ Ս. պատարագի եւ անոր յաջորդող ձեռնարկին իրենց մասնակցութեան համար: Ապա առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ խմբային լուսանկարում: