ԷՆՍԻՆՕ.- Նկատի ունենալով, որ Փորթըր Ռենչի մէջ տեղի ունեցած բնական կազի արտահոսքին պատճառով մեծ թիւով հայ ընտանիքներ եւս պարտադրուած են իրենց բնակարաններէն հեռանալու, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի հոգաբարձութիւնը որոշած է 50 տոկոսի զեղջ տրամադրել նոր արձանագրուող աշակերտներուն, մինչեւ 2015-2016 տարեշրջանի աւարտը։
Որոշումը ի զօրու է Ֆերահեան միջնակարգ-երկրորդականին, Գապայեան նախակրթարանին եւ Փիլավճեան մանկամսուրի նոր աշակերտներուն համար։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ (818) 784-6228 թիւին (առաօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 3), կամ principal@ferrahian.com հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.