ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան քանի մը օր առաջ այցելած է Տաւուշի մարզին մէջ տեղակայուած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուած ուժերու N զօրամաս եւ սահմանագիծ, շնորհաւորած սահմանապահ զինուորները՝ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ:
Այս մասին լրատուամիջոցներուն փոխանցած են գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն: Նախարարը զրուցած է զինուորներուն հետ, անոնց յանձնած է ամանորեայ նուէրներ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքին մատուցած ծառայութեան, ցուցաբերուող կամքին ու արիութեան համար:
«Տղանե՛ր, դուք մերօրեայ հերոսներն էք, մենք հպարտութեան մեծ զգացումով ենք լցւում, որ ունենք նման հզօր բանակ եւ ձեզ պէս քաջարի մարտիկներ: Մեր երկիրը կարող է զարգացում ապրել եւ առաջընթաց ունենալ միայն այն դէպքում, երբ մեր երկրի սահմաններն անառիկ են, եւ այդ առաքելութիւնը դուք այսօր պատուով էք իրականացնում», զինուորներուն հետ զրուցելով յայտնած է գիւղատնտեսութեան նախարարը: Ան զինուորներուն մաղթած է բարձր տրամադրութիւն եւ մարտական ոգի, բարի ծառայութիւն՝ խաղաղօրէն դիմաւորելու Նոր տարուան արշալոյսները:
Զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Վահէ Յովսէփեանի ընկերակցութեամբ նախարար Կարապետեան շրջագայած է զօրամասին մէջ, զրուցած սպայական անձնակազմին հետ, ծանօթացած զինուրներուն կեցութեան պայմաններուն։